Արխիւ
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մեծն Կոմիտաս Վարդապետի ծննդեան 150-ամեայ յոբելեանին ձօնուած փառատօն մը։ Նախընթաց օր դպրոցին մէջ այս փառատօնի երկրորդ փուլին առթիւ ստեղծուեցաւ մեծ խանդավառութիւն։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ վերջերս տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը։ Այս առթիւ անոնք ոգեւոր մթնոլորտի մը մէջ հրաժեշտ տուին այբբենարանին։
Երէկ երեկոյեան, Պաքըրգիւղի մէջ տեղի ունեցաւ «Սասունցիներու պարը» ներկայացումը, որ ձօնուած էր Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակին։ Յոբելենական ձեռնարկը տեղի ունեցաւ «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ, ուր համախմբուած էին հոծ թիւով պաքըրգիւղցիներ եւ գեղարուեստասէրներ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Հրատարակչութեան բաժինը վերջերս լոյս ընծայեց «Վաւերագրեր Հայ Եկեղեցւոյ պատմութեան» ժողովածոյի երկորդ հատորը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Մայր Աթոռի արխիւի նախաձեռնութեամբ հրատարակուած է այս գիրքը։
Հայաստան-Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ Միջկառավարական յանձնաժողովի ռազմավարական երկխօսութեան խումբի նիստը Երեւանի մէջ:
Ամերիկացի բարձրաստիճան դիւանագէտ Ճորճ Քենթ յոյս յայտնեց, թէ Հարաւային Կովկասի բոլոր երկիրները խաղաղ կը համագոյակցին իրենց դրացիներուն հետ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ անդրադարձաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան կրկնութեան խնդրին։ Ան յայտնեց, որ Իսթանպուլի մէջ կրկնուելիք ընտրութիւններուն ժամանակ թեկնածուները փոփոխութեան պիտի չենթարկուին։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը գահակալութեան երկու տասնամեակներու շրջանին առաջին անգամ այցելեց Կրետէ եւ ընդհանրապէս Յունաստան:
Վեհափառ Հայրապետը ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին խաղաղութիւն մաղթեց համայն աշխարհին եւ աղօթեց, որ Աստուած ազգերը առաջնորդէ սիրով ու եղբայրութեամբ:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ էակը որքան որ օժտուած է բանականութեամբ, զանազան կարողութիւններով, ունի նաեւ թերութիւններ եւ տկարութիւններ, եւ այս իսկ պատճառով միշտ ունի «ուրիշի մը» ապաւինելու, իր թերութիւններուն եւ տկարութիւններուն մէջ իր նմանին վստահելու պահանջքը։ Այս պահանջքը շատ բնական է եւ անհրաժեշտ՝ մարդուն գոյապահպանման եւ գոյատեւմանը համար։ Մարդ երբեմն ինքզինք ինքնաբաւ կրնայ կարծել, կրնայ մտածել, թէ ուրիշի մը օգնութեան պէտք չունի, սակայն կը սխալի, քանի որ միշտ պիտի ունենայ պակաս մը, անկարողութիւն մը, քանի որ ան կատարեալ չէ՛։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Ճիշդ երկու տարի է, որ բաժնուած եմ Պոլիսէն։
Գրեթէ երկու տարի ապրած էի Պոլսոյ մէջ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ, մեկնելով Աստուծոյ գործերէն, բնական բանականութեամբ կրնայ ստուգապէս ճանչնալ զԻնք։ Բայց կայ նաեւ ուրիշ ճանաչումի «կարգ» մը՝ որուն մարդ չի՛ կրնար հասնիլ իր սեփական ուժերով. աստուածային Յայտնութան կարգն է այն։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մուսուլէն մինչեւ Ռաքքա, ԻՇԻՊ-ի հակիրճ «կենսագրական»ը։
Ապու Պաքըր Ալ Պաղտատիի երեւումը առաջինն էր վերջին հինգ տարիներուն ընթացքին։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Երրորդ հարցում.- Ինչպէ՞ս խօսք կ՚ըսուի, ըստ յառաջ բերուած խօսքին:
Պատասխան.- Եւ կ՚ըսեմ, նոյնպէս տասը կերպով. նախ՝ որովհետեւ նոյնն է բնական խօսքը եւ յառաջ բերելը, ասոր նման նոյնն է Բանն՝ անմարմին ծնած եւ մարմինով երեւցած:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Երեւանի մէջ վերջերս կեանքէն հեռացաւ պոլսահայ մտաւորական, գրող, գրականագէտ, Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. կաթողիկոսի քառասուն տարուան թարգմանիչն ու անձնական քարտուղարը՝ Պարգեւ Շահպազեան: Իր մտերիմները, գործընկերներն ու նախկին ուսանողները ցաւով յայտնեցին, որ կեանքէն հեռացած է պատկառանք ներշնչող մտաւորականութեան վերջին ներկայացուցիչներէն մէկը, որուն ամբողջ կեանքը, Հայաստան հայրենադարձուելէն ետք, նուիրուած է գրականութեան, մանկավարժութեան ու Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ:
Գումգաբուի ընտանիքը անցեալ կիրակի յատկանշական օր մը ապրեցաւ Պէզճեան Մայր վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին առթիւ։ Այս տարի արդէն 25-րդ անգամ կազմակերպուեցաւ պէզճեանցիներու օրը, որ ինչպէս միշտ համախմբեց վարժարանի զանազան սերունդներէ շրջանաւարտներ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սարգսեան հիւրընկալեց Մատենադարանի ղեկավարութիւնը:
Կառոյցի միջազգայնացման եւ տարածքաշրջանային նշանակութեան բարձրացման համար կը մշակուին նոր ծրագրեր:
Բարձրագոյն ընտրական խորհուրդը երէկ երեկոյեան ժամերուն յայտարարեց, որ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութիւնը ջնջուած է եւ քուէարկութիւնը պիտի կրկնուի յառաջիկայ 23 յունիսին։
Ինչպէս ծանօթ է, մարտի 31-ին տեղի ունեցած տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութեան արդիւնքին Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետի ընտրութեան հարցին շուրջ խնդրայարոյց, վիճայարոյց կացութիւն մը ստեղծուած էր։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի եւ Եւրոասիոյ հարցերով արտաքին գործոց փոխ-նախարարի տեղակալ Ճորճ Քենթի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը երէկ շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Ճորճ Քենթ տեսակցեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան փոխադարձ շահաւէտ գործընկերութեան խորացման վերաբերեալ հարցեր։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը այսօր կ՚աւարտէ հովուապետական այցելութիւնը դէպի Կրետէ:
Վեհափառ Հայրապետը երէկ հիւրընկալուեցաւ Իրինէոս Արքեպիսկոպոսին կողմէ, ներկայ էր նաեւ նահանգապետ Առնաութաքիս:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Պօղոս առաքեալ Եփեսացիներուն գրած իր նամակին մէջ սապէս կ՚ըսէ. «Աստուած ամէն բան անոր իշխանութեան ենթարկեց եւ եկեղեցւոյ գլուխ կարգեց զայն՝ վեր ամէն բանէ։ Հետեւաբար եկեղեցին Քրիստոսի մարմինն է, ամբողջացումն է Քրիստոսի, որ կ՚ամբողջացնէ ամէն ինչ, ամէն տեղ» (ԵՓԵՍ. Ա 22-23)։
Աստուածամօր տաճարի բոցերու պատկերներուն հետեւեցայ հեռատեսիլէն: Անխօս: Մտածելու ունակութիւնս կորսնցուցած: Անզօրութեան զգացումով համակուած: