Արխիւ
Հայաստան-Ատրպէյճան սահմանին վրայ երէկ տեղի ունեցան բախումներ, որոնք շարունակուեցան նաեւ այս առաւօտեան կանուխ ժամերուն։ Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները հաղորդեցին, որ երէկ, ժամը 12.30-ի սահմաններուն, Ատրպէյճանի զինեալ ուժերը Տաւուշի մարզէն փորձեցին խախտել Հայաստանի Հանրապետութեան պետական սահմանը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Ատրպէյճանի զինուորները կ՚օգտագործէին ՈԻԱԶ մակնիշի ինքնաշարժ մը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Գիտութիւն սիրողը իր սխալները կ՚ընդունի. յանդիմանութիւն ատողը անմիտ է» (ԱՌԱԿ. ԺԲ 1)։
Խրատ սիրողը գիտութիւն կը սիրէ, բայց այն որ կ՚ատէ յանդիմութիւնը եւ կը մերժէ ամէն քննադատութիւն, հեռու կը մնայ գիտութեան բարիքներէն եւ անշուշտ իմաստութենէ։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Երջանկութեամբ, խաղաղութեամբ ապրելու համար որքա՜ն խոչընդոտներ, որքա՜ն նեղութիւններ կը ներկայանան մարդուն առջեւ։ Այս երեւոյթի պատճառը յաճախ կ՚ըլլայ մարդը՝ ինքն իր արարքներով, մտածողութեամբ։
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
Ինչպէս քանիցս ըսած էինք, ամերիկացիներուն համար՝ ընտանի կենդանին ընտանիքի հարազատ մէկ անդամը կը համարուի։ Ըստ պաշտօնական տեղեկագրութեանց, ուրեմն ամերիկացի ընտանիքներուն 68 տոկոսը ունի առնուազն մէկ ընտանի կենդանի։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Մեզ բոլորս մտատանջող եւ յաճախ լսելի դարձող կայ հարցում մը, որ ժամանակի եւ պայմաններու սահմանափակումներէն դուրս է. հարցումը կ՚ըսէ, արդեօք մենք՝ հայերս հասկցած ե՞նք զիրար։
Մէկ քաղաքի, մէկ թաղի, մէկ շէնքի, մէկ երկրի ու մէկ աշխարհի մէջ ապրող հայերս կարողացած ենք զիրար լսել, իրարու հետ ըլլալ, իրարու օգնել ու մանաւանդ մէկ նպատակի համար պայքարիլ...
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
«Իմաստութիւնը կեանքով կը վարձատրէ իրեն ապաւինողները եւ ապահովութիւն կու տայ անոնց՝ որոնք իրեն կը կռթնին՝ որպէս Տիրոջ» (ԱՌԱԿ. Գ 18)։
Հասկնալով հաւատալ եւ հաւատալով հասկնալ. քանի որ Աստուած ամէն ինչ ստեղծեց իմաստութեամբ։
Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) եւ Հայկական կարմիր խաչի ընկերակցութիւնը վերջերս ստորագրեցին համագործակցութեան յուշագիր մը, որու նպատակն է «Սուրիահայ փախստականներու աջակցութիւն» ծրագրի առողջապահական բաղադրիչի համատեղ իրականացումը։
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։ Այսպէս, երէկ երկրին մէջ կատարուեցաւ 48 հազար 787 քննութիւն եւ նմուշառումներու հիման վրայ ստուգուեցաւ 1003 նոր վարակեալ։
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Արմէն Սարգսեան այս շաբաթավերջին աշխատանքային այցելութիւն մը կու տայ Արցախ։ Ան երէկ մեկնեցաւ Ստեփանակերտ, ուր հիւրընկալւեցաւ Լեռնային Ղարաբաղի նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի կողմէ։
Հայաստանի ազգային անվտանգութեան համար կ՚որդեգրուի նոր հայեցակարգ մը:
Նիկոլ Փաշինեան. «Հայկական պետութիւնը հայ ժողովուրդի գոյութեան միակ երաշխաւորն է»:
Վճռաբեկ ատեանի արձակած վճռի հիման վրայ Հանրապետութեան նախագահը ստորագրեց հրամանագիր մը:
Այա Սոֆիան նախապատրաստական աշխատանքներէ վերջ պաշտամունքի պիտի վերաբացուի 24 յուլիսի ուրբաթի աղօթքով:
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ համարկրելի մեներգչուհի Սեդա Քիւրքճիւօղլու վերջերս նուաճած է տոցենթի կոչում։ Սեդա Քիւրքճիւօղլու մեր համայնքի յայտնի արուեստագիտուհիներէն մին է։
Պատրաստեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
29 յունիս 1999 թուականին այս աշխարհին իր աչքերը յաւէտ փակեց վերջին հարիւրամեակի հայոց պատմութեան նշանաւոր դէմքերէն, մեծագոյն հոգեւորականներէն ու աստուածաբաններէն մէկը՝ գրջանկայիշատակ Գարեգին Ա. Քէսապցի Ամենայն Հայոց Հայրապետը:
Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ
Այո՛, յաճախ կը խօսինք հայ ուսուցիչին, հայ դպրոցին, հայ կրթական մշակին մասին:
Բեմերէն, հանդէսներու ընթացքին եւ ճաշկերոյթներուն գովքը կը հիւսենք հայ ուսուցիչին եւ անոր նուիրական առաքելութեան:
ՍԵԼԼԱ
Ճեմարանականները «Հայ ճեմարանի» 90-ամեակի կոչը լսելով՝ նուիրատուութեան կողքին ուրախալի այլ երեոյթ մը պարզեցին. անոնցմէ շատեր անակնկալօրէն ձեռք առին իրենց գրիչը։
Մեզի ծանօթ քանի մը գրողներու կողքին, կը հանդիպինք անուններու, որոնք շատո՜նց հայերէն չէին գրած։
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Սուիններով պիտի ընդունուի՞ այն խօսքը, որ Մերձաւոր Արեւելքի մէջ հայութեան ապագան վտանգուած է եւ գալիքը աղօտ։
Կրնա՞յ պատահիլ, որ մարդիկ չուզեն այս խօսքը իրատեսօրէն քննել, որովհետեւ նման խնդրի մը արծարծումը կ՚ուզէ նաեւ մեծ եւ արմատական լուծումներու յանգիլ։
ԵՐԱՄ
Այդպէս թարմացած, դէմքին յայտնուած արեւը իբր նուէր ընդունած, դուրս եկաւ Նորան իրենց բակէն, սկսաւ քալել Սարեան փողոցի մայթով։ Զանայի հետ ժամադրուած էին ժամը չորսին, Մաշտոցի պուրակին մէջ։ Ձեռքը տարաւ ետեւ, մէջքէն կախուած թեթեւ պայուսակին. շօշափեց զայն, ստուգեց` տետրը առե՞ր էր. առեր էր։
«Համաճարակէն վերջ ամէն երկիր հնարաւորութիւն կ՚ունենայ դարձեալ ինքզինք ներկայացնելու ու շատ էական է, որ Հայաստան լաւ ներկայացուի»:
Նախագահ Արմէն Սարգսեան. «Յատուկ քաղաքականութեան պէտք ունինք սփիւռքի կապակցութեամբ։ Սփիւռքահայը պէտք է զգայ, թէ այս երկրին մաս կը կազմէ»:
Ճաբոնի մայրաքաղաքը՝ Թոքիոյի մէջ աճող հսկայական կանկատունկ (քաքթիւս) մը նկատած են, որու երկարութիւնը կը գերազանցէ 10 մեթրը։
Ճաբոնցի մը լուսանկարած եւ իր ընկերային ցանցին վրայ տեղադրած է Թոքիոյի մէջ գտնուող բնակելի շէնք մը, սակայն դիտարժան տեսարանը ոչ թէ կառոյցն է, այլ շէնքի երկարութեամբ աճող կանկատունկը:
Լաոսի մէջ տենկէ տենդով վարակուածներու թիւը աւելցած է 54-ով եւ գերազանցած 2.6 հազարը: Այս մասին կը տեղեկութիւններ հաղորդած է «Սինհուա» գործակալութիւնը։