Արխիւ
Ռուսաստանի Չելեապինսք քաղաքին մէջ «Ծնած եմ ապրելու համար» տեղաշարժման խնդիրներ ունեցող կանանց գեղեցկութեան մրցոյթի ծիրէն ներս Հայաստանը ներկայացնող Գոհար Նաւասարդեան անցած է եզրափակիչ փուլ՝ արժանանալով «Սփորի թագուհի» անուանակարգին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջազգային ամենամեայ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու ազգային հաստատութիւններու աջակցութեամբ:
Հայաստանը ներկայացնող, Եւրոպայի 23 տարեկաններէ վար փոխ-ախոյեան Սլաւիկ Գալստեան տիրացաւ Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան պրոնզէ մետայլին, 63 քկ. դասակարգին մէջ (ոչ-ողիմպիական): Գալստեան, որ ճակատեցաւ իրանցի Մէյսամ Տալխանիի դէմ, արձանագրեց 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին համար «Արսենալ»էն փոխ տրուեցաւ «Ա.Էս.Ռոմա»ին, կիրակի, 15 սեպտեմբերին կատարեց իր առաջին մրցումը անոր հետ, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյենութեան՝ «Քալչիօ»ի 3-րդ հանգրուանին անոր կազմը հիւրընկալեց «Սասուոլօ»ն:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Գոնէ օրը երկու անգամ՝ առաւօտ եւ երեկոյ երբ կ՚արտասանենք «Հայր մեր»ը՝ Տէրունական աղօթքը, կը կրկնենք եւ կ՚ըսենք. «Եղիցին կամք քո…», այսինքն՝ «Քու կամքդ ըլլայ…»։
Այսպէս կ՚աղօթենք, բայց արդեօք որքա՞ն հաւատարիմ կը գտնուինք այն խօսքին, երբ կ՚ըսենք, «Եղիցին կամք քո…»։
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Յոյն մեծ իմաստասէր Սոկրատ ծնած է Ք. Ա. 470 թուականին, Աթէնքի մէջ, Յունաստան: Ան արեւմտեան իմաստասիրութեան, մտածելակերպի հիմնադիրն է: Իր մեթոտը հարցումներով, կազմակերպուած եւ տրամաբանութեան վրայ հիմնուած երկխօսութեամբ ճշմարտութիւնները երեւան հանելն էր, որ կոչուեցաւ «Սոկրատեան մեթոտ»:
ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ
89 տարեկան՝ Արիզոնա նահանգի Ֆինիքս քաղաքի բնակիչներէն, Էան Լորիմորի (տես նկարը) պողպատեայ կամքը արտայայտող պատմութիւնն է հետեւեալը։
Ան չորս տարի առաջ՝ 85 տարեկան հասակին, Թանզանիոյ Քլիմանճարօ լերան գագաթը մագլցելով հանդիսացած էր առաջին մեծահասակ անձը, շահելով հազուագիւտ այդ մրցանիշը
ՏՔԹ. ԶԱՒԷՆ Ա. ՔՀՆՅ. ԱՐԶՈՒՄԱՆԵԱՆ
Յառաջիկայ 2020 տարին Նահանջ տարի է, փետրուար 29-ի յաւելեալ օրով։ Ներկայ ուսումնասիրութիւնը յառաջիկայ նոր տարուան Հայ Եկեղեցական տօներու օրացոյցը կը ներկայացնէ իր զոյգ ՇՆ տարեգիրներով, որոնց առաջնորդութեամբ մինչեւ Բուն Բարեկենդան Շ տարեգիրով, եւ մնացեալ ամիսներուն ալ Ն տարեգիրով կը ճշդուին Հայաստանեայց Եկեղեցւոյ տօները։
Խաչվերացի տօնին առթիւ երէկ մեր եկեղեցիներուն մէջ ստեղծուեցաւ խանդավառ մթնոլորտ։ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցին, ուր տաղաւարի արարողութիւններուն նախագահեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան, ժամադրավայրը դարձած էր հոծ թիւով հաւատացեալներու։
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան կանոնադրութեան սպասման մթնոլորտին մէջ՝ արտասահմանի թեկնածուներու պարագան հետաքրքրութեան առարկայ:
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան բաց նամակով մը արձագանգեց՝ Երեւանի «Հրապարակ» թերթին մէջ լոյս տեսած նիւթին, ուր կը խօսուէր անհաւասար պայմաններու մասին:
ՅԱԿՈԲ ՊԱԼԵԱՆ
Սփիւռք(ներ)ը եւ Հայաստանը դանդաղօրէն անհետացման առաջնորդող ախտը անտարբերութիւնն է, որ կ՚աճի, քանի կը զարգանայ սպառողական ընկերութիւնը, որ ենթահողն է եսասիրութիւններու, նոյնիսկ եթէ բառային ճապկումներով չենք ընդունիր, որ անբուժելի կերպով անտարբեր եւ եսասէր կը դառնանք: Եւ դեռ, հայրենասիրութիւն եւ հայասիրութիւն դարձած են միջոց դիրք եւ լուսապսակ ունենալու:
ՎԱՐԴԳԷՍ ԳՈՒՐՈՒԵԱՆ
Պարբերաբար ընթերցասէր հասարակութեան կ՚ուզեմ ներկայացնել մեծ կամ նշանաւոր մարդոց եւ իմաստասէրներու նշանաւոր կամ իմաստուն խօսքերէն: Հաւանաբար շատեր լսած կամ կարդացած են այս միտքերը, բայց քիչեր միայն գիտեն, թէ ո՞վ ըսած է զանոնք:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
«Առնուազն այս պահի դրութեամբ մենք չունինք Ամուլսարի հանքի շահագործումը արգիլելու որեւէ իրաւական հիմնաւորում», ֆէյսպուքեան ուղիղ միացում կատարելով՝ այսպէս կը յայտարարէր Հաաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, հարցի մը մասին, որ անցնող շաբաթներուն գրաւած էր ոչ միայն Հայաստանի հասարակութեան, այլ նաեւ ամբողջ հայութեան ուշադրութիւնը։ Վարչապետը, որ Ամուլսարի հանքերու հարցով կարծես, թէ որոշ համոզումներու յանգած էր Ջերմուկի բնակիչներէն եւ աքթիւիստներէն, կը խնդրէր բանալ Ամուլսարի հանք տանող գլխաւոր ճանապարհները։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Խաչվերացի տօնն է։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութեամբ սկիզբ առած տաղաւար տօներու շարքին վերջին օղակը։
Տաղաւար տօներու շարանը կը սկսի մեղաւոր աշխարհի փրկութեան համար Աստուծոյ յանձն առած գերագոյն զոհողութեան յիշատակութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Խաչվերացի տօնին կարծես բնութիւնը նոր հանգամանք մը կը ստանայ. ամառէն դէպի աշուն ընթացք մը կը սկսի։ Եթէ գարունը բնութեան վերակենդանութեան եղանակն է, աշունն ալ մարդկային անհատական եւ ընկերային կեանքին վերակենդանութեան շրջանն է։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գալֆաեան Տան խնամակալութեան ատենապետուհի Տիանա Գամբարոսեանն ու գործակից ընկերները, որոնց հետ էին նաեւ Քոյր Գայիանէ Տուլքատիրեան եւ դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզ։ Նորին սրբազնութեան կողքին էին Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ ընդունուեցաւ Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլուի կողմէ։ Այսպէս, նորին սրբազնութիւնը քաղաքապետարան այցելեց իր հետն ունենալով՝ Պատրիարքարանի դիւանապետ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը, Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը, Շիշլիի քաղաքապետարանէն Սելինա Տողանը, Պաքըրգիւղի Ծն. Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մեսուտ Էօզտեմիրը եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Յարութիւն Շանլըն։
Սեպտեմբերի 14-ին, Շահումեանի շրջկեդրոն Քարվաճառ քաղաքին մէջ պիտի կազմակերպուի «Մեղրի փառատօն»: Շրջանին մէջ նման փառատօն առաջին անգամ կը կազմակերպուի, մտայղացումը Շահումեանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Գագիկ Մարտիրոսեանինն է:
Թեհրանի Պետական բժշկական համալսարանի խորհուրդը որոշեց խորհրդանշական քայլով սկսիլ Երեւանի Պետական բժշկական համալսարանին հետ ապագայ արդիւնաւէտ աշխատանքն ու երկարաժամկէտ կապերու հաստատումը:
Հայաստանի Հանրապետութեան 8 մարզերու տարբեր համայնքներուն մէջ այս տարի սեպտեմբեր 1-ին բացուած է 18 նոր նախակրթարան: «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ՝ այս մասին «Ֆէյսպուք»ի մէջ գրած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնամարզութեան նախարար Արայիկ Յարութիւնեան:
94 տարեկան հասակին մահացած է Խորհրդային Հայաստանի վաստակաւոր նկարիչ Լեւոն Հայրապետի Մանասերեան:
Փրոֆեսէօր Մանասերեան ծնած է 1925 թուականին, Էջմիածին: