Արխիւ

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց «Ֆրանսայի հայ երիտասարդութիւն» (JAF) ընկերակցութեան Մարսէյլի մասնաճիւղի ներկայացուցիչները։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ Վեհափառ Հայրապետին հանդիպումը ֆրանսահայ երիտասարդներուն հետ։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018

Նիկոլ Փաշինեանի բերած թաւշեայ յեղափոխութիւնը կը խոստանար սէր ու համերաշխութիւն՝ դառնացած, մասնատուած եւ յուսախաբուած ժողովուրդին: Մթնոլորտը զտուած է եւ մարդիկ սկսած են շնչել ազատօրէն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իմ շրջապատիս մէջ մեծ չէ թիւը անոնց, որոնք իրենց կեանքի կարեւոր մէկ հատուածը անցուցած են ու տակաւին ալ կ՚անցընեն երիտասարդներու հետ: Խօսք, մօտեցում, ապրում, արմատ, էութիւն, տեսակ, ինքնութիւն եւ... մանաւանդ ինքնութիւն: Այս բանալի բառերը Անահիտ Քեշիշեան-Արամունիի ամէնօրեայ ճիգին, ամէնօրեայ ապրումին մաս կը կազմեն:

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018

ԱԼԵՔՍ ՍՐԿ. ԳԱԼԱՅՃԵԱՆ

Ժողովրդային բարբառին մէջ տեղ գտած ասոյթները, առածները, պատկերները եւ օրինակները որքա՜ն դիպուկ են ու խօսուն, կարծես իրենց մէջ ամբողջ փիլիսոփայութիւն մը կը պարփակեն։ Ասոյթներ «ստեղծող»ները ընդհանրապէս ժողովուրդի համեստ խաւի մարդիկը, այս պարագային գիւղացիներն են եղած, որոնք իրենց պարզութեամբ ու հեզութեամբ եւ առանց շահադէտ նպատակի ու հասցէագրումի արտաբերած են զարմանազան ու սրտախօսիկ առածներ, որոնք առ այսօր մեր կենսընթացին իրենց այժմէականութիւնը եւ ուժգնութիւնը պահած են։

Չորեքշաբթի, Օգոստոս 8, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Ի՞նչ է ճիշդը եւ ի՞նչ է սուտը։ Կամ ի՞նչ է ուղիղը եւ ի՞նչ է սխալը, ինչո՞ւ որեւէ խօսք կամ գործ շիտակ է եւ ուրիշ մը՝ ծո՛ւռ։ Արդարեւ բոլոր այս հակադրութիւնները մարդկային մտքին նախապաշարումներուն արդի՞ւնքն են, թէ ոչ հիմնուած են անայլայլելի եւ մշտնչենաւոր սկզբունքի մը վրայ։ Ո՞րն է «բարի»ն եւ ո՞րը՝ «չա՛ր»։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

Աշխատասիրեց՝
ՊԵՏՐՈՍ Ս. ՇԱՆՇԵԱՆՑ,
Արդի աշխարհաբարի վերածեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ

Յիսուս առաջին եւ ամենէն մեծ պատուիրան որպէս կ՚անուանէ սիրոյ պատուիրանը. նախ՝ այն պատճառով, որովհետեւ այս պատուիրանին առարկան աստուածային առաջին եւ ամենէն մեծ Էութիւնն է, եւ երկրորդ՝ որ այս պատուիրանը ընդհանուր է եւ ամենապտաբեր, որ իր մէջ կը պարունակէ միւս բոլոր պատուիրանները, ինչպէս գեղեցիկ կերպով Սուրբ Օգոստինոսը կ՚ըսէ.

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ

Վերջերս Հայաստանի դրացի երկիր՝ Վրաստան, ժամանած էր աշխարհի ամենանշանաւոր ու ամենախելացի մարդամեքենան (ռոպոթ)՝ Սոֆիան: Թէ՛ վրացական, թէ՛ միջազգային մամուլը լեցուած էր Սոֆիայի այս այցին մասին նիւթերով, քանի որ Սոֆիան Վրաստան ժամանած էր ՄԱԿ-ի Զարգացման ծրագրին հրաւէրով՝ մասնակցելու Բաց կառավարութեան գործընկերութեան 5-րդ գագաթաժողովին:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Քրիս­տոս ու­զեց ծնիլ եւ մեծ­նալ Յով­սէ­փի եւ Մա­րիա­մի Սուրբ Ըն­տա­նի­քին ծո­ցին մէջ։ Ար­դա­րեւ, Ե­կե­ղե­ցին ալ ու­րիշ բան չէ ե­թէ ոչ «Աս­տու­ծոյ ըն­տա­նի­քը»։
­Յա­ճախ ի­րենց «ամ­բողջ ըն­տա­նի­քով» հա­ւա­տա­ցեալ դար­ձած մար­դի­կը սկիզ­բէն իսկ Ե­կե­ղեց­ւոյ կո­րի­զը կազ­մե­ցին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

Թուրքիա-Հայաստան սահմանին վրայ վերջին շրջանին աւելցած են խախտման դէպքերը։ «Արմէնփրէս» գործակալութիւնը այս առաւօտ հաղորդեց, որ Հայաստանի ռուս սահմանապահները Արտաշատի մէջ ձերբակալած են տղամարդ մը, որ կը փորձէր ապօրինի ձեւով անցնիլ սահմանէն։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

Հայաստանի Վերաքննիչ ատեանը 9 օգոստոսին պիտի քննէ Քոչարեանի թղթածրարը:
46 երեսփոխան ստորագրած է երաշխաւորագիր մը՝ որպէսզի նախկին նախագահը դուրս գայ բանտէն: Սասուն Խաչատրեան յայտնեց, որ չէ խախտած անմեղութեան կանխավարկածը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

Ռուսաստանի վարչապետ Տիմիթրի Մետվետեւ յայտարարեց, որ նախկին Սովետական հանրապետութիւններէն Վրաստանի ՆԱԹՕ-ի անդամ դառնալը կրնայ սարսափելի հակամարտութեան մը պատճառ դառնալ։ Մետվետեւ Մոսկուայի մէջ հարցազրոյց մը տուաւ «Քոմերսանտ Էֆ. Էմ.» ռատիօկայանին։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Մեր հարցումներուն կը պատասխանէ «ԱԶԳ» պարբերականի գլխաւոր խմբագիր՝ Յակոբ Աւետիքեան։
-Այս տարի իր լրումին կը հասնի Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի 43-րդ տարելիցը։ Պր. Աւետիքեան, ո՞ւր էիք դուք այդ օրերուն եւ ի՞նչ կը յիշէք այդ ժամանակաշրջանէն։
-Այդ տարիներուն ես ուսուցիչ էի եւ կը պաշտօնավարէի, ՀԲԸՄ-ի «Տեմիրճեան» վարժարանէն ներս:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

Ամերիկայի Միացեալ Նահանգները վերահաստատեց Իրանի դէմ բռնամիջոցները. միջազգային տագնապ:
Թեհրանի ղեկավարութիւնը Եւրոմիութեան հետ համախոհ: Նախագահ Հասան Ռուհանի Ուաշինկթընի հետ շփումներ մշակելու համար նախապայման կը համարէ՝ միջուկային համաձայնութեան նկատմամբ հաւատարմութիւնը:

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հանդիպեցաւ վերջերս Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ երդիքին տակ ձեռնադրուած տասն նոր քահանաներուն հետ։ Նորին Սրբութիւնը հանդիպման ընթացքին իր օրհնութիւնն ու հայրական պատգամը փոխանցեց քահանայ հայրերուն, որոնց բարի առաքելութիւն մաղթեց իրենց հովուական ծառայութեան մէջ։

Երեքշաբթի, Օգոստոս 7, 2018

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ

Ատրպէյճանի նախկին նախագահ Հայտար Ալիեւի երկրպագութիւնը այնքան չափազանցուած է, որ ամերիկացի պլոկըր Անտրէաս Մոզըր Պաքու եւ Գանձակ կատարած իր այցելութեան ատեն ամէն տեղ բախած է «մեծ առաջնորդ»ի յուշարձաններուն եւ շէնքերուն: Մոզըր իր պլոկին մէջ գրած է երգիծական զեկոյց մը, որմէ հատուածներ կը ներկայացնենք մեր ընթերցողներուն՝ զուարճութեան համար:

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ վերջերս հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Այսպէս, Նորին Սրբութեան ներկայացան Պոստոնի շրջանի Հայփոյնթ համայնքի ուխտաւորները՝ գլխաւորութեամբ հոգեւոր հովիւ Տ. Վարդ Քհնյ. Կիւզէլեանի եւ ուղեկցութեամբ Կաթոլիկ եկեղեցւոյ նոյն շրջանի հոգեւոր հովիւ Հայր Ճոն Տիլէյնիի։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018

ԳԷՈՐԳ ՔԷՕՇԿԷՐԵԱՆ

Այս դէպքը պատահած է Ճորճիա նահանգի Ռազուէլ քաղաքին մէջ։ Պատահարին մանրամասնութեանց չանցած՝ կ՚ուզեմ որպէս ենթահող, հետեւեալ մէջբերումը կատարել։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայաստանի Հանրապետութեան երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի կալանաւորումէն ետք շատերու ուշադրութիւնը կը սեւեռուէր դէպի Ռուսաստան։ Այն առումով, որ Հայաստանի հիւսիսի դաշնակիցը ի՛նչ կեցուածք պիտի որդեգրէ այդ «անակնկալ» որոշումին առընթեր։

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018

Խոր ցա­ւով վե­րա­հա­սու ե­ղանք, թէ շա­բա­թա­վեր­ջին իր մահ­կա­նա­ցուն կնքած է մեր հա­մայն­քի ե­րէց սե­րուն­դի շատ սի­րուած ու յար­գուած ա­նուն­նե­րէն՝

Երկուշաբթի, Օգոստոս 6, 2018

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի երէց սերունդի մտաւորականներէն Պերճ Չալըքման։ Վերջերս ան ենթարկուած էր սրտի գործողութեան մը, սակայն դժբախտաբար չէ կրցած յաղթահարել յետ վիրահատական շրջանի բարդութիւնները եւ աչքերը փակած է կեանքին՝ խոր սուգի մատնելով իր ընտանիքն ու սիրելիները։

Էջեր