Արխիւ
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու միջմիութենական յանձնախումբի ատենապետ Գէորգ Սիմքէշեանը, որուն կ՚ընկերանար Մարիամ Տրամէրեան։ Ինչպէս ծանօթ է, Գէորգ Սիմքէշեան միեւնոյն ժամանակ Կեդրոնական սանուց միութեան վարչութեան բազմամեայ ատենապետն է ու կը գլխաւորէ միջմիութենական կարգադիր յանձնախումբը։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնէն երէկ թողարկուած դրուագները, բառին բուն իմաստով, պատկառանք ազդեցին համայն աշխարհի հայութեան։ Վեհարանի վերանորոգեալ, բարեզարդեալ եւ ընդարձակուած համալիրի բացման պաշտօնական արարողութիւնը իսկապէս շքեղ էր։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Աննան կրկնակի խանդավառուած էր։ Երեւանի «Զուարթնոց» օդակայանէն երեկոյեան ուղիղ թռիչքով պիտի մեկնէր իր երազներու քաղաքը՝ Փարիզ։ Բաց աստի, ան առաջին անգամ պիտի հանդիպի իր սփիւռքահայ ազգականներուն, որոնց հետ ծանօթացած էր վերջերս համացանցի միջոցաւ։
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարին յոբելեանական է նահատակ գրող Մելքոն Կիւրճեանի համար. կը լրանայ անոր ծննդեան 160-ամեակը: Հայ գրականութեան եւ մամուլի մէջ իր ներդրումը կատարած այս մտաւորականը հարուստ կենսագրութիւն մը ունեցած է. ան տարիքով աւագն էր նահատակ գրողներուն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աստուած ստեղծեց երկինքն ու երկիրը եւ այն ինչ որ կայ անոնց մէջ, երեւելի եւ աներեւոյթ: Նիկիական հանգանակին մէջ կը դաւանինք այս:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ կը պատրաստուին յառաջիկայ օրերուն հանդիպում մը ունենալ Նիւ Եորքի մէջ։ Նախագահ Էրտողան այս շաբաթավերջին Նիւ Եորք պիտի մեկնի՝ մասնակցելու համար ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման։
Հանրապետութեան փոխ-նախագահ Ֆուաթ Օքթայ վերջին օրերուն պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Պաքու, ուր ընդունուեցաւ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Ան մասնակցեցաւ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան համատեղ տնտեսական յանձնաժողովի 8-րդ նիստին։
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլուի երէկ Անգարա կատարած այցելութենէն առաջ հանդիպում մը ունեցած է Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի հետ։ Ազգային հիւանդանոցի մէջ տեղի ունեցած է այդ տեսակցութիւնը, որու կապակցութեամբ ատենապետ Շիրինօղլու մեզի փոխանցեց ամփոփ բացատրութիւններ։
Հանրապետութեան նախագահը երէկ յետմիջօրէին Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետն ու փոխ ատենապետը, որոնց հետ զրոյցը տեւեց շուրջ ժամ մը: Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած ջերմ հանդիպման ժամանակ դրական հեռանկարներ ուրուագծուեցան՝ երբեմնի բանջարանոցի տարածքի սեփականութեան իրաւունքի վերահաստատման ուղղութեամբ, հակասական վիճակներու մթնոլորտինով հանդերձ։
Պետրոս Շիրինօղլու եւ Հերման Պալեան մայրաքաղաքէն երեկոյեան ժամերուն վերադարձան մեծ լաւատեսութեամբ: Գթութեան յարկի հանդիպակաց ընդարձակ տարածքին առկայ խնդիրներու յաղթահարման նպատակով աշխատանքները շուտով դարձեալ թափ պիտի ստանան: Յառաջիկայ քայլերու արդիւնքով ստեղծուելիք կացութիւնը վերստին պիտի արժեւորուի՝ Էրտողանի վերահսկողութեան ներքեւ։
Տեսակցութեան ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան գործընթացին: Ներքին գործոց նախարարութիւնը կը շարունակէ աշխատիլ կանոնադրութեան վրայ։
ՀՐԱԿ ՓԱՓԱԶԵԱՆ
Նախորդ երկու յօդուածներս ներկայացուցին Հայաստանէն Պոլիս եկած աշխատանքային գաղթականներու հայաստանակեդրոն կացութիւնը։ Տեսանք, թէ ինչպէս վերջիններս ամէնօրեայ դրութեամբ մտաւոր, զգացական ու շօշափելի կապերու մէջ են Հայաստանի հետ, այդպէսով անդրսահմանային վիճակի մէջ ըլլալով։
Գրեց՝ ԱՐԵՒԻԿ ՊԱՊԱՅԵԱՆ
Գրականութեան դասաժամուն Անին կ՚արտասանէր աշնան թախծոտ երգիչ՝ Վահան Տէրեանի գոհարներէն մին.
Աշուն է, անձրեւ…
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Յաճախ կը յիշենք ճշմարտութիւն մը՝ թէ կրթութիւն եւ դաստիարակութիւն կը սկսին ընտանիքէն։ Դպրոցը եւ դաստիարակը մեծ մասամբ կը ձեւաւորէ, կը կաղապարէ եւ կը համակարգէ տղուն իր ընտանիքէն ստացած հիմնական կրթութիւնը եւ դաստիարակութիւնը։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ո՜րքան նմանութիւն կայ մարդկային կեանքի եւ եղանակներու անվերջ թաւալումին միջեւ։ Բայց կայ նաեւ տարբերութիւն մը։ Արդարեւ մարդկային կեանքն ալ ունի իր «գարուն»ը, «ամառ»ը, «աշուն»ը եւ «ձմեռ»ը։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Այստեղ վեց հարցում կը յառաջանայ:
Նախ՝ թէ ինչպէ՞ս հարսանիքի ժամանակ կատարեց առաջին հրաշքը:
Յարգելի տիկին Օհանեան,
Հետաքրքրութեամբ կարդացինք «Հրապարակ»ի սեպտեմբերի 12-ի համարին մէջ կատարուած հրապարակումը՝ Պոլսոյ պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին շուրջ
Ռուսաստանի Չելեապինսք քաղաքին մէջ «Ծնած եմ ապրելու համար» տեղաշարժման խնդիրներ ունեցող կանանց գեղեցկութեան մրցոյթի ծիրէն ներս Հայաստանը ներկայացնող Գոհար Նաւասարդեան անցած է եզրափակիչ փուլ՝ արժանանալով «Սփորի թագուհի» անուանակարգին։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, միջազգային ամենամեայ այս մրցոյթը կ՚իրականացուի Մարդու իրաւունքներու պաշտպաններու ազգային հաստատութիւններու աջակցութեամբ:
Հայաստանը ներկայացնող, Եւրոպայի 23 տարեկաններէ վար փոխ-ախոյեան Սլաւիկ Գալստեան տիրացաւ Ղազախիստանի մայրաքաղաքը՝ Նուրսուլթանի մէջ տեղի ունեցող յունահռոմէական ըմբշամարտի աշխարհի ախոյենութեան պրոնզէ մետայլին, 63 քկ. դասակարգին մէջ (ոչ-ողիմպիական): Գալստեան, որ ճակատեցաւ իրանցի Մէյսամ Տալխանիի դէմ, արձանագրեց 7-5 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ այս տարեշրջանին համար «Արսենալ»էն փոխ տրուեցաւ «Ա.Էս.Ռոմա»ին, կիրակի, 15 սեպտեմբերին կատարեց իր առաջին մրցումը անոր հետ, երբ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյենութեան՝ «Քալչիօ»ի 3-րդ հանգրուանին անոր կազմը հիւրընկալեց «Սասուոլօ»ն:
Գերմանիոյ նախկին նախագահ Եոախիմ Կաուք այս օրերուն այցելութիւն մը կու տայ Հայատսան:
Արմէն Սարգսեան ընդգծեց տեղեկատուութեան փորձագիտութիւններու եւ արհեստական բանականութեան ոլորտները:
Էրտողան, Փութին եւ Ռուհանի հինգերորդ անգամ քննարկեցին Սուրիոյ տագնապի յաղթահարման հարցը:
Անգարայի, Մոսկուայի եւ Թեհրանի միջեւ համաձայնութիւն գոյացաւ մշտական քաղաքական լուծումի մը հասնելու ուղղութեամբ: