Արխիւ
ԻՒՆԷՍՔՕ-ի կեդրոնէն ներս հաւաքոյթ. «Զրոյց՝ ժամանակի հոլովոյթին մէջ»:
Կոմիտասի եւ Թումանեանի 150-ամեակները արժեւորուեցան յատկանշական յայտագիրով մը:
Թուրքիոյ հայոց 85-րդ պատրիարքի ընտրութեան Նախաձեռնարկ մարմնի երէկուան հերթական ժողովը:
Քուէարկութեան կազմակերպման վերաբերեալ բոլոր մանրամասնութիւնները կը յստակեցուին աստիճանաբար:
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ ոգեկոչեց մեծն Կոմիտաս Վարդապետը՝ իր ծննդեան 150-ամեակի յոբելենական շրջանին։ Կոմիտասին ձօնուած գրական-երաժշտական հանդիսութիւնը մաս կազմեց Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի ձեռնարկներու շարքին։
Հայաստանի Ազգային ժողովի նախագահը շաբաթավերջին այցելեց Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Արարատ Միրզոյեանի խօսքով՝ Հայաստեանեայց Առաքելական Եկեղեցին եղած է առաջամարտիկը՝ մտքի յեղափոխութեան:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Կեանքի թաւալումներուն եւ ամէնօրեայ հեւքին հետ, մեզմէ շատ-շատեր կը մոռնան կեանքին արժէքը։ Հեռու մնալով կրօնափիլիսոփայական «բարձր ոճ»ի մտորումներէն ու հաստատելով ամենէն կարեւոր կէտը մարդկային էութեան, բոլորս ալ տեղ մը պիտի համաձայնինք կեանքի անցողիկութեան շուրջ, սակայն ատով հանդերձ, դարձեալ ու դարձեալ պիտի գովերգենք ու փառաբանենք մեզի ի վերուստ տրուած կեանքը ապրելու ոսկեայ առիթն ու կեանքի ջուրերուն միջով անցնելու եւ մաքառելու դրուածքը։
Գրաբարէ թարգմանեց՝
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Հարցում. Ինչո՞ւ համար չարչարուիլ չ՚ըսեր, այլ՝ բարձրանալ:
Պատասխան. Վարդապետները կ՚ըսեն չորս պատճառով. նախ՝ որովհետեւ Քրիստոս խաչով բարձրացաւ, ըստ այնմ. «Որ խաչը Իր փառքը կոչեց»: Երկրորդ, որովհետեւ Քրիստոս խաչով օդ բարձրացաւ եւ թշնամին հալածեց:
Յ. ՊԱԼԵԱՆ
Արցախը գեղօր չէ, որ կոչուած ըլլայ մեր զբօսաշրջիկի յիշատակները վառ պահելու, զանազան ժողովներուն համեմ տալու, կամ մեծ ու պզտիկ հանրահաւաքներուն յուզումի ալիք ստեղծելու:
Գրեց՝ ԱՆՈՒՇ ԹՐՈՒԱՆՑ
Այս տարի լրացաւ հայ առաջին տպագիր թերթի՝ «Ազդարար»ի 225-ամեակը: Հայ մամուլի պատմութեան մէջ նշանաւոր այս իրադարձութիւնը տօնեցուաւ հայաշխարհին մէջ, եւ յառաջիկայ շաբաթներուն ալ տակաւին կը սպասուին գիտական եւ մշակութային ձեռնարկներու:
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Տեղանուններու մասին աւանդութիւններու եւ նկարագրութիւններու կարելի է հանդիպիլ միջնադարեան ամբողջ հայ պատմագրութեան մէջ։ Իսկ նոր շրջաններուն կը տեսնուին պատմական, աշխարհագրական, պատմաշխարհագրական գիրքեր այս մասին։
Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով յաջորդ շաբաթ պիտի այցելէ Հայաստան:
Զօհրապ Մնացականեան անդրադարձաւ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղղեալ բանակցութիւններուն:
Հարպիյէի Սեն թ՚Էսփրի եկեղեցւոյ մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ երաժշտահանդէս մը, որու մասնակցութիւն բերաւ մեցցօ սոփրանօ Նաթալի Պօղոսեան՝ նուագակցութեամբ Արտա Արտաշէս Ակօշեանի։ Նաթալի Պօղոսեան որպէս հիւր մենակատար մասնակցեցաւ այս համերգին եւ իրեն երգեհոնով ընկերացաւ Արտա Արտաշէս Ակօշեան։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան արձագանգեց Հանրային նախաձեռնութեան միջոցաւ ընկերային ցանցերու վրայ իրեն հասցէագրուած կոչին:
Նորին սրբազնութիւնը բաց նամակին մէջ կանգ առաւ մեր եկեղեցւոյ վարդապետութեան նկատմամբ հաւատարմութեան անհրաժեշտութեան վրայ եւ ահազանգ հնչեցուց այն շրջանակներուն դէմ, որոնք կը ձգտին գրաւի տակ առնել մեր համայնքի ապագան. «Գուցէ ներկայ կանոնադրութիւնը հարիւր տոկոսով դիւր չէ եկած մեզի, սակայն միթէ պէտք է մսխե՞նք զայն ապահովածներու հաշիւները քուէատուփէն ետ դարձնելու հնարաւորութիւնը։ Ընտրական տուեալ պայմաններու սահմանները կրնանք ընդլայնել միասնականութիւնով ու զօրակցութեամբ»:
Էսաեան վարժարանի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ արտասանութեան ձեռնարկ մը։ Լիսէի բաժնի աշակերտներուն միջեւ կազմակերպուած մրցոյթի մը ձեւաչափը ունէր հանդիսութիւնը։
Էսաեան սանուց միութեան «Մարալ» համոյթը կը պատրաստուի իր հիմնադրութեան 40-ամեակի շրջանի յոբելենական ելոյթին։ «Մարալ»ի ընտանիքը այս շրջանին կ՚ապրի մեծ եռուզեռ։ 5-25 տարեկան 190 պարողներ համախմբուած են համոյթի կազմին մէջ։
Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երէկ նշուեցաւ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գահակալութեան 20-ամեակը։ Սուրբ Գայիանէի վանքէն ներս մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ, որու ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը շրջապատուած էր եպիսկոպոսաց դասու անդամներու, Ս. Էջմիածնի միաբաններու եւ բազում հաւատացեալներու կողմէ։
ԱՆԱՀԻՏ ԿՕՇԿԱՐԵԱՆ
Աւստրալուհի երգչուհի Սիան այսօր ամենայայտնի եւ ամենաշատ վերաերգուող երգչուհիներէն մէկն է։ Որքան շատ կը մեծնար երգչուհիին շուքի մէջ մնալու ցանկութիւնը, այնքան կ՚աճէր երգչուհիին համբաւը։
ՊԻԱՆՔԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
Ամերիկացի յայտնի գրող Ռէյ Պրետպիւրի 1951 թուականին գրի առաւ «Ֆարենհայթ 451» վէպը, որ կը համարուի հեղինակի ամենանշանաւոր ստեղծագործութիւնը։ Համաշխարհային գրականութեան յայտնի հակաիւթոփիական վէպերէն մին դարձած է գիրքը իր արտասովոր պատմութեամբ։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Մարդ յաճախ կը սխալի իր դատումներուն եւ որոշումներուն մէջ, քանի որ ան մարդկային թերութիւններ եւ տկարութիւններ ունի, այսինքն «կատարեալ» չէ։ Եւ մանաւանդ կ՚ըսուի, թէ՝ շատ գիտցողը շատ կը սխալի։
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ Իսթանպուլի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերեսի հետ։ Շուրջ երկու ժամ տեւեց այս հանդիպումը, որու ընթացքին օրակարգի վրայ եկաւ Սուրիոյ հիւսիսին Թուրքիոյ կողմէ նախատեսուած անվտանգ գօտիի վերաբնակեցման խնդիրը։
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ Ժընեւի մէջ իր մահկանացուն կնքած է զուիցերահայ յայտնի գործիչ Արտէն Շէլլէֆեան։ Սա իսկապէս անժամանակ մահ մըն էր, որովհետեւ Արտէն Շէլլէֆեան տակաւին աշխատունակ վիճակի մէջ էր եւ բնականոն հունով յառաջ կը տանէր իր կեանքը։