Արխիւ
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Խաչվերացի տօնն է։ Աստուածայայտնութեան տաղաւարի տօնակատարութեամբ սկիզբ առած տաղաւար տօներու շարքին վերջին օղակը։
Տաղաւար տօներու շարանը կը սկսի մեղաւոր աշխարհի փրկութեան համար Աստուծոյ յանձն առած գերագոյն զոհողութեան յիշատակութեամբ։
Թուրքիոյ եւ ԱՄՆ-ի զօրքերը համատեղ չորրորդ հերթապահութիւնը կատարեցին Սուրիոյ հիւսիսին:
Նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան կը պատրաստուի Անգարայի մէջ հիւրընկալել Վլատիմիր Փութինը եւ Հասան Ռուհանին:
Նախագահական ապարանքի համալիրէն ներս. «Հայ լուսանկարչութեան պատմական ժառանգութիւնը»։
Արմէն եւ Նունէ Սարգսեաններուն կողմէ բացուած ցուցահանդէսը կ՚ընդգրկէ նաեւ Արա Կիւլէրի գործերէն նմոյշներ
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան՝ Սիսի երբեմնի Մայր Տաճարի եւ յարակից համալիրի սեփականութեան իրաւունքի Անթիլիասի կողմէ վերաձեռքբերման ուղղեալ նախաձեռնութիւնները կը շարունակեն զբաղեցնել հայ աշխարհի օրակարգը։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին՝ 2015 թուականին Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը այս նպատակով դատ մը բացած էր Թուրքիոյ Սահմանադրական ատեանին մօտ, որմէ ստացած մերժումին զուգահեռ խնդիրը տեղափոխած էր Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեան (ԵՄԻԱ)։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Ծերունի տիկնոջ մը հարց կը տրուի, թէ ան ի՞նչ կը գործածէր իր դէմքը ա՛յդքան գեղեցիկ եւ իր կեցուածքը ա՜յնքան առողջ եւ գրաւիչ պահելու համար։
Ան կը պատասխանէ.
ԱՆԻ ԲՐԴՈՅԵԱՆ-ՂԱԶԱՐԵԱՆ
- It was realy unforgettable, memorable camping.
Ըսին զբօսաշրջիկները հայրենադարձին:
Վեհափառ Հայրապետը մշտապէս կ՚աղօթէ Մերձաւոր Արեւելքի խաղաղութեան համար:
Անտիոքի մետրապոլիտ Անտոնիոս էլ Սուրի հիւրընկալուեցաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ կէսօրուան ժամերուն Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Իսթանպուլի երեսփոխան Մարգար Էսաեանը։
Հայաստանի Բարձր փորձագիտութիւններու եւ արդիւնաբերութեան նախարարութեան եւ Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատարի գրասենեակին միջեւ վերջերս ստորագրուեցաւ փոխըմբռնման յուշագիր մը։ Նախարար Յակոբ Արշակեանի եւ Գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեանի կողմէ ստորագրուեցաւ այս փաստաթուղթը, որ կը նախատեսէ երկու կառոյցներով համատեղ ջանքերով կեանքի կոչել սփիւռքի վերաբերեալ «Ներուժ» ծրագիրը։
Սուրբ Էջմիածնի Մայր Տաճարի ամրակայման ու վերանորոգման հարցը միջոցէ մը ի վեր անմիջականօրէն կը զբաղեցնէ համայն հայութեան օրակարգը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ ստեղծուած է Մայր Տաճարի վերանորոգութեան յանձնախումբ մը, որու ատենապետն է Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ 2019-2020 կրթական շրջանի վերամուտին ընդառաջ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը զօրակցութեան առարկայ դարձուցած է Գալֆաեան Տունը։ Այսպէս, դպրոցի տնօրէնուհի Թամար Ներկիզի եւ Գուզկունճուքի թաղային խորհուրդի ատենապետ Եդուարդ Այվազեանի երկխօսութիւնը ծնունդ տուած է ողջունելի զօրակցութեան մը։
Արեւելեան Միջերկրականի մէջ Թուրքիոյ դէմ խմորումները կը շարունակուին ուշագրաւ իրադարձութիւններով։ Ծովու յատակի բնական պաշարները արդիւնահանելու համար վերջին շրջանին համագործակցութիւն մը կը հասուննայ Յունական Կիպրոսի, Իսրայէլի եւ Եգիպտոսի միջեւ։
Հայաստանի Սփիւռքի գործերու գլխաւոր յանձնակատար Զարեհ Սինանեան այս օրերուն կ՚այցելէ Մոսկուա, ուր բազմակողմանի հանդիպումներ կ՚ունենայ ռուսահայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Զարեհ Սինանեան կը ներկայացնէ Հայաստանի զարգացման ներկայ տեսլականն ու ընթացիկ արդիւնքները։
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան փոխ-նախարարի տեղակալը այցելեց Հայաստան:
Երեւան եւ Ուաշինկթըն առաւել խորացնել կը ձգտին բարեկամութիւնն ու գործընկերային յարաբերութիւնները:
Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Եւրոպայի զօրքերու փոխ-հրամանատար Սթեֆըն Մ. Թուի-թի եւ Կեդրոնի զօրքերու փոխ-հրամանատար Թոմաս Ու. Պերկսոն երէկ շարունակեցին իրենց շփումները Թուրքիոյ մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, ամերիկացի բարձրաստիճան զինուորականները Թուրքիա եկած են՝ Սուրիոյ հիւսիսին, Եփրատի արեւելքին անվտանգ գօտիի մը ստեղծման վերաբերեալ խնդիրները քննարկելու առաջադրութեամբ։
Աշխարհահռչակ ջութակահար Արա Մալիքեան նախընթաց օր նուագեց Իզմիրի մէջ։ Ինչպէս ծանօթ է, մօտաւոր անցեալին ան համերգով մը հանդէս եկած էր Իսթանպուլի մէջ, իսկ նախընթաց օր ալ այս անգամ նուագեց Իզմիրի մէջ։
Հանրապետութեան նախագահը Անգարայի մէջ երէկ Պեշթեփէի համալիրէն ներս հիւրընկալեց Թուրքիոյ մեծ քաղաքներու քաղաքապետները:
Էրտողան այս սպասուած ելոյթին ժամանակ նշեց, որ քաղաքական քաշքշուքները ժամանակաւոր են, իսկ երկրին համար մատուցուած ծառայութիւնները՝ մշտական:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի նախաձեռնութեամբ երէկ երեկոյեան Գումգաբուի մէջ ի մի հաւաքուեցան մեր համայնքէն խումբ մը հաշուապահ կամ հաշուեքննիչ մասնագէտներ եւ ելմտական խորհրդատուներ։ Այս հաւաքոյթին ընթացքին նկատի առնուեցաւ Պատրիարքարանի ելմտական ընդհանուր կացութիւնը։
«Կալերի 77»ի տաղաւարին մէջ ներկայացուած են հայ արուեստագէտներու գործեր:
Contemporary Istanbul-ը այս տարի 14-րդ անգամ կը հիւրընկալէ գեղարուեստասէրները: