Եկեղեցական

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱՄԵՐԻԿԱՀԱՅ ԵՒ ՖՐԱՆՍԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան եւ Ֆրանսայի թեմերէն ուխտաւորներ։ Նորին Սրբութեան կողքին էր ֆրանսահայոց թեմակալ առաջնորդ Տ. Գրիգոր Վրդ. Խաչատրեան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՔԵՆԹԸՐՊԸՐԻԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Նորին Սրբազնութիւն Ճասթին Ուէլպին։

ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս շաբաթավերջին տեղի պիտի ունենայ եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն եւ օծում՝ ձեռամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի։ Երէկ, Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան տեղեկատուութեան համակարգը պաշտօնապէս տեղեկացուց եպիսկոպոս ձեռնադրուելիք միաբաններուն անունները։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՅՈՒՆԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Յունաստանէն խումբ մը ուխտաւորներ։ Խումբին ուղեկցեցաւ Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Յունաստանի թեմի առաջնորդական տեղապահ Տ. Խորէն Վրդ. Առաքելեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԱՅՍ ՇԱԲԱԹԱՎԵՐՋԻՆ ՆԱԽԱՏԵՍՈՒԱԾ Է ԵՊԻՍԿՈՊՈՍԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ այս կիրակի նախատեսուած է եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւն։ Թէեւ անցեալ շաբաթավերջի յետաձգեալ Միւռոնօրհնութիւնն ու եպիսկոպոսական ձեռնադրութիւնը նախապէս մշակուած օրացոյցով զուգահեռ, նոյն ամբողջին մէջ պիտի կատարուէին, սակայն, իրադարձութիւնները բոլորովին այլ հունով ընթացան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊՐԱԶԻԼԱՀԱՅ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Պրազիլի թեմէն ուխտաւորներ՝ ուղեկցութեամբ թեմակալ առաջնորդ Տ. Նարեկ Եպսկ. Պէրպէրեանի։

ԹԱՐՄ ԵՌԱՆԴՈՎ ԱՇԽԱՏԱՆՔԱՅԻՆ ՎԵՐՍԿԻԶԲ

Սամաթիոյ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբը ձեռնարկեց նոր եղանակի աշխատանքներուն։ Թաղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ յարակից «Աճառեան» սրահին մէջ այս առթիւ տեղի ունեցաւ եղանակի բացման մտերմիկ հաւաքոյթ մը՝ գլխաւորութեամբ դպրաց դասու նախագահ Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեանի։

Էջեր