Եկեղեցական

ՀՈԳԵԿԱՆ ՏԱԳՆԱՊ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջին նախատեսուած արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ բանավէճ մը ծնունդ առած է վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի գլխաւորած իշխանութեան թեւին եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի միջեւ։ Իշխանափոխութենէն ի վեր անցած ժամանակահատուածին, դժբախտաբար, պետութիւն-եկեղեցի համագործակցութիւնը դուրս եկած է բնականոն հունէն։

ՎԱՏԻԿԱՆ ԱՅՑԻ ՍԵՄԻՆ

Լիբանանի քրիստոնեայ հոգեւոր առաջնորդները յուլիսի 1-ին Վատիկանի մէջ ժամադրուած են Հռոմէական Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ Քահանայապետ Ֆրանսիսքոս Ա. Սրբազան Պապին հետ։ Երկրի դիմագրաւած առկայ ծանր իրավիճակին մէջ այս հանդիպումը կազմակերպուած է Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսի նախաձեռնութեամբ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ԲՈՂՈՔ

Հայաստանի մէջ շաբաթավերջի արտահերթ խորհրդարանական ընտրութեան ընդառաջ քարոզարշաւը կը շարունակուի ամբողջ թափով։ Այս ամբողջին մէջ վերջին օրերուն վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան թիրախաւորած է Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին եւ հոգեւորականաց դասը։

ԱՆԹԻԼԻԱՍԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Աթիլիասի մէջ ընդունեց Ամերիկայի Հայ աւետարանչական ընկերակցութեան գործադիր տնօրէն Զաւէն Խանճեանն ու կողակիցը՝ Սօնա Խանճեանը։ Հիւրերուն ընկերացան Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վերապատուելի Մկրտիչ Գարակէօզեան եւ Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի նախագահ վերապատուելի Փոլ Հայտոսթեան։

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՊԻՍԿՈՊՈՍՆԵՐՈՒ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի գլխաւորութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ խորհրդակցութիւն մը, որուն մասնակցեցան Հայաստանի եպիսկոպոսները։ Այս առթիւ շօշափուեցան երկրի կեանքի առկայ իրավիճակին առընչուած հարցեր։ Խորհրդակցութեան աւարտին ընդունուեցաւ յայտարարութիւն մը, զոր երէկ հրապարակուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսութեան Տեղեկատուութեան համակարգին կողմէ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ԵՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԻ ԲԱՑՈՒՄ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ տեղի ունեցաւ «Խորհրդային Հայաստան 100. Եկեղեցին եւ պետութիւնը» խորագրեալ գիտաժողովը։ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի արխիւի նախաձեռնութեամբ եւ «Քոնրատ Ատենաուէր» հիմնադրամի աջակցութեամբ՝ զուգահեռաբար կազմակերպուած էր նաեւ արխիւային վաւերագրերու եւ նիւթերու ցուցահանդէս մը, որու բացումն ալ կատարուեցաւ նոյն առթիւ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐ

Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Ղազախիստանի նորանշանակ դեսպան Փոլատ Իմանպայեւը։ Այս առթիւ դեսպանը երախտագիտութիւն յայտնեց Վեհափառ Հայրապետին՝ Ղազախիստանի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուող համաշխարհային եւ աւանդական կրօններու առաջնորդներու համագումարի աշխատանքներուն Հայ Եկեղեցւոյ կողմէ բերուած կարեւոր մասնակցութեան համար։

«ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ»

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան բաժանմունքը ներկայիս հաւատացեալ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է կարեւոր գործ մը, որ կը կոչուի «Աստուածաշունչէն»։ Գեղատիպ ու մեծածաւալ այս հատորը հրատարակութեան պատրաստուած է Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ։

ՀԱՒԱՏԱԼ ԱՊԱԳԱՅԻՆ

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. «Մենք ահասարսուռ պատուհասներու յաղթահարումի ու մեր ազգի յարութեան փորձառութիւնը ունինք»:
Վեհ. Հայրապետը դէպի Արցախ ուղեւորութեան եզրափակիչ փուլին Հանրապետական մաղթանքի նախագահեց Ստեփանակերտի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ:

Էջեր