ՈՒՏԵԼ ԿԱՄ ՉՈՒՏԵԼԴ ԲԱՆ ՉԻ՛ ՓՈԽԵՐ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Մեծ Պահքի 25-րդ օրն է:
Պահեցողութեան ընթացքին շատերու համար այսինչ կամ այնինչ բանը ուտելը կամ չուտելը մեծ հարցի կը վերածուի, եւ շատ մանրանալով ու խորանալով նմանատիպ հարցերու մէջ, շատ յաճախ պահեցողութեան բուն նպատակէն կը շեղին, այդպէսով իրենց կատարած աշխատանքը փճացնելով:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, երէկ, Մեծ պահքի շրջանի Միջինքը նշուեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ։ Նոյն առթիւ կատարուեցաւ խաղաղական ժամերգութիւն:
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Երեւանի մօտ Վրաստանի նորանշանակ դեսպան Կիորկի Շարվաշիծէն։ Զրոյցի ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց արդիւնաւէտ առաքելութիւն՝ ի նպաստ հայ եւ վրաց ժողովուրդներու դարաւոր բարեկամութեան առաւել զօրացման։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Աստուածաշունչի ընկերութեան Արաբական ծոցի երկիրներու մասնաճիւղի ընդհանուր քարտուղար տքթ. Հրայր Ճէպէճեան, որ վերջերս Իսթանպուլի մէջ մասնակցեցաւ ժողովներու, հրաժեշտ առնելէն վերջ կարգ մը մանրամասնութիւններ հրապարակած է սփիւռքահայ մամուլին մէջ։
ՎԱՐԱՆԴ ՔՈՐԹՄՈՍԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը նախընթաց օր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Ռենովապիս» բարեգործական կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն տքթ. Հայր Թովմաս Շվարցը։