Եկեղեցական

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԸ ՄԻՇՏ ՈՒՇԱԴԻՐ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ շաբաթավերջին եզրափակուեցաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, անցեալ շաբթուայ գրեթէ ողջ տեւողութեան տեղի ունեցաւ ԳՀԽ-ի աշխատանքը, որու ծիրէն ներս օրակարգի վրայ եկած է նաեւ «Տօներու եւ յիշատակի օրերու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքի փոփոխութեան վերաբերեալ նախագիծը։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ» ԱԶԳԱՊԱՏԿԱՆ ԿԱԼՈՒԱԾԻ ՏԱԳՆԱՊԻՆ ՇՈՒՐՋ ՆԱՄԱԿ ՄԸ ՈՒՂԱՐԿԱԾ Է ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Երուսաղէմի Հին քաղաքի «Կովերու պարտէզ» ազգապատկան կալուածի աղմկարար գործարքի արձագանգները կը շարունակեն առաջնահերթութիւն ներկայացնել հայ իրականութեան օրակարգին վրայ։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀՈԳԵՀԱՆԳԻՍՏ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ Արցախի 44-օրեայ պատերազմի հրադադարի առաջին տարելիցին առթիւ։ Ս. Գայիանէ վանքին մէջ կատարուեցաւ հոգեհանգստեան պաշտօնը, որու ընթացքին աղօթք բարձրացուեցաւ առ Աստուած՝ նահատակեալ քաջորդիներու հոգւոյն հանգստութեան համար։

ԳԵՐՄԱՆԻՈՅ ՀԱՅՈՑ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՎԵՐԱՆՈՐՈԳՈՒԹԵԱՆ ՏԱԿ Կ՚ԱՌՆՈՒԻ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Գերմանիոյ թեմէն ներս այս շրջանին օրակարգի վրայ կը գտնուի վերանորոգութեան կարեւոր ծրագիր մը։ Այսպէս, խօսքը կը վերաբերի Կէօթինկէնի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ, որ ներկայիս վերանորոգութեան տակ առնուած է։

ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԷՆ ԱՇԽԱՐՀԱԲԱՐ «ՆԱՐԵԿ» ՄԸ

Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմը վերջերս լոյս ընծայեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի «Մատեան ողբերգութեան» անմահական երկի արեւմտահայերէնը։ Թեմակալ առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի օրհնութեամբ ու նախաձեռնութեամբ, «Մատեան ողբերգութեան. ընտրանի» խորագրեալ գիրքը տպագրութեան պատրաստուած է Տ. Տաճատ Ծ. Վրդ. Եարտըմեանի կողմէ։

ԳՀԽ-Ի ԺՈՂՈՎԱԿԱՆՆԵՐԸ ԱՂՕԹԵՑԻՆ 44-ՕՐԵԱՅ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՀՈԳՒՈՑՆ Ի ՀԱՆԳԻՍՏ

Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ սկսաւ Գերագոյն հոգեւոր խորհուրդի (ԳՀԽ) ընդլայնուած կազմով նստաշրջանը։ Սկիզբին միաբերան արտասանուած «Հայր մեր»էն վերջ ժողովականները աղօթեցին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին նահատակուած հայորդիներու եւ նորոգ հանգուցեալ Տ. Մաղաքիա Վրդ. Ամիրեանի հոգիներու հանգստութեան համար։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌ ՍՈՒՐԲ ԷՋՄԻԱԾՆԻ ՄԷՋ ՀԱՅՐԱՊԵՏԱԿԱՆ ՄԱՂԹԱՆՔ

Երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի բարձր նախագահութեամբ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ՝ Ս. Գայիանէ վանքի պատմական կամարներուն ներքեւ։ Օրուայ պատարագիչն էր Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի լուսարարապետ Տ. Մուշեղ Եպսկ. Պապայեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

«ՅԻՇԵԼՈՎ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ» ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՆԴԷՍԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ՅԱՌԱՋԻԿԱՅ ՇԱԲԹՈՒԱՆ ՄԷՋ

Պատրիարքական Աթոռը լոյս ընծայած է «Յիշելով Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հայրը» յուշամատեանը՝ հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի։ Գումգաբուի աղբիւրները երէկ հաղորդեցին, որ այս գիրքին համար կազմակերպուած է նաեւ շնորհանդէս մը, որ տեղի պիտի ունենայ յառաջիկայ հինգշաբթի երեկոյեան, Ֆէրիգիւղի մէջ։

Էջեր