ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԵՒ ՊԱՂԵՍՏԻՆԻ ԻՆՔՆԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԸ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ «ԿՈՎԵՐՈՒ ՊԱՐՏԷԶ»ԻՆ ՎԵՐԱԲԵՐԵԱԼ ՀԱՐՑԵՐ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Պաղեստինի ինքնավարութեան Եկեղեցիներու հարցերով բարձրագոյն նախագահական կոմիտէի ղեկավար Մուհսին Իլիաս Եուսուֆ Խուրիի կողմէ գլխաւորուած պատուիրակութիւնը։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը շաբաթավերջին Անթիլիասի մէջ հիւրընկալեց Պէյրութի մօտ Հայաստանի դեսպան Վահագն Աթաբէկեանը։ Հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան հայութեան օրակարգի զանազան հարցերը՝ տարածաշրջանի աշխարհաքաղաքական եւ դաւանաքաղաքական ծիրէն ներս։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան շաբաթավերջին տեղւոյն վրայ ծանօթացաւ այն բարենորոգման աշխատանքներուն, որոնք Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ յառաջ կը տարուին։
Երէկ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Երեւանի մօտ Գերմանիոյ նորանշանակ դեսպան Վիքթոր Ռիխթերը։ Հանդիպման ընթացքին Վեհափառ Հայրապետը նորանշանակ դեսպանին մաղթեց Հայաստանէ ներս արդիւնաւոր առաքելութիւն։
Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժինը եւս միացաւ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի ի նպաստ սկսած հրապարակումներու արշաւին։ Համապատասխան պաշտօնական կայքէջին վրայ զետեղուեցաւ յատուկ նիւթ մը, որուն համար խորապէս շնորհակալութիւն կը յայտնենք Վատիկանի ձայնասփիւռի հայկական բաժնի գլխաւոր խմբագրին՝ մեր սիրելի պաշտօնակից-բարեկամ Ռոպէր Աթթարեանին։
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս եռօրեայ հովուական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ժողովներու խառն նիստը:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի 2015 թուականի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով՝ այս տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Յունաց Պատրիարքութեան կազմակերպած միջազգային գիտաժողովին: