Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔԵՊՍԿ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀՈԼԱՆՏԱ ԵՒ ՊԵԼԺԻԱ
Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Ս. Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան վերջերս եռօրեայ հովուական այցելութիւն մը տուաւ դէպի Հոլանտա եւ Պելժիա։
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց Հայ յեղափոխական դաշնակցութեան պիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։ Զրոյցի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի եւ Արցախի առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային կեդրոնական վարչութեան ժողովներու խառն նիստը:
Հայաստանեայց Առաքելական Ս. Եկեղեցին շաբաթավերջին նշեց Հայոց առաջին լուսաւորիչներու՝ Ս. Թադէոս եւ Ս. Բարթուղիմէոս առաքեալներու տօնը։ Միեւնոյն ժամանակ, Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի 2015 թուականի Հայրապետական սրբատառ կոնդակով՝ այս տօնը հռչակուած է Աստուածամուխ Ս. Գեղարդի ուխտի օր։
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը մասնակցեցաւ Յունաց Պատրիարքութեան կազմակերպած միջազգային գիտաժողովին:
44-օրեայ պատերազմէն տարի մը վերջ Հայաստան վերադարձուած 9 նահատակ զինուորի յուղարկաւորութիւնը:
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմի հրատարակչական գործունէութիւնը կը շարունակուի կայուն թափով։ Պըրպենքի Առաջնորդարանի դիւանի հաղորդումներով, յառաջիկային Արեւմտեան թեմի հրատարակութիւններու շարքը պիտի համալրուի նոր ու կարեւոր գործով մը։
Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարանէն ներս այս օրերուն՝ Ս. Անդրէասի յիշատակութեան տօնի շրջանին, արտասովոր մթնոլորտ կը տիրէ։ Ամէն տարի այս առաքեալի տօնին զուգահեռ կը նշուի Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Տիեզերական Պատրիարքութեան հաստատման տարեդարձը։
Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան թեմէն ներս վերջերս տեղի ունեցաւ հոգեւորականաց մասնաւոր հաւաք մը։ Պըրպենքի առաջնորդարանի համալիրէն ներս կազմակերպուած հաւաքոյթին մասնակցութիւն բերին թէ՛ Լոս Անճելըսի շրջանի եկեղեցականները եւ թէ թեմի յարաբերաբար աւելի հեռաւոր շրջաններու եկեղեցականները։
Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութենէն ներս հայութեան հրատապ հարցերը միշտ օրակարգի վրայ: