«ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉԷՆ»
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի օրհնութեամբ, Պատրիարքական Աթոռի հրատարակչութեան բաժանմունքը ներկայիս հաւատացեալ ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է կարեւոր գործ մը, որ կը կոչուի «Աստուածաշունչէն»։ Գեղատիպ ու մեծածաւալ այս հատորը հրատարակութեան պատրաստուած է Պատրիարքարանի փոխ-դիւանապետ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեանի կողմէ։