Եկեղեցական

ԻՍԹԱՆՊՈՒԼ ՊԻՏԻ ԺԱՄԱՆԷ

Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ եւ Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան յառաջիկայ օրերուն պիտի այցելէ քաղաքս։ Կը տեղեկանանք, որ Նորին Սրբազնութիւնը Իսթանպուլ պիտի գայ մասնակցելու համար Յունաց Պատրիարքարանին կողմէ կազմակերպուած գիտաժողովի մը։

ՆԱՓՈԼԻԻ ՄԷՋ ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ

Իտալիոյ Նափոլի քաղաքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ (San Gregorio Armeno) եկեղեցւոյ մէջ նախընթաց երեկոյեան տեղի ունեցաւ էքիւմենիք աղօթք մը։ Խորքին մէջ, սա շատ յատկանշական արարողութիւն մըն էր, որուն միասնաբար նախագահեցին Արեւմտեան Եւրոպայի հայրապետական պատուիրակ ու Վատիկանի Սուրբ Աթոռի մօտ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մշտական ներկայացուցիչ Տ. Խաժակ Արք. Պարսամեան եւ Նափոլիի վիճակաւոր Արքեպիսկոպոս Միմմօ Պաթալիա։

ՊՈԼՍԱՀԱՅ ԴՊՐԱՑ ԴԱՍ-ԵՐԳՉԱԽՈՒՄԲԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ՀԱՒԱՔԸ՝ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց պոլսահայ դպրաց դաս-երգչախումբերու ներկայացուցիչները։

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՀԱՒԱՔ

Երէկ յետմիջօրէին, Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Պատրիարքական Աթոռի քահանայից դասու անդամներուն հաւաքը։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեանի նախագահութեամբ, մեր քահանայից դասու անդամները հաւաքուեցան Պատրիարքարանի դահլիճին մէջ։

ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՔԱՀԱՆԱՅԱԿԱՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Երեւանի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցաւ քահանայական ձեռնադրութիւն։ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ, Երեւանի Պետական համալսարանի Աստուածաբանական ֆաքիւլթէի տեքան եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր տեսուչ Տ. Անուշաւան Եպսկ. Ժամկոչեանի ձեռամբ, քահանայական ձեռնադրութեան եւ օծման արժանացան 11 սարկաւագներ։

ՀԵՀԵՄ-Ի ԱՌՑԱՆՑ ԺՈՂՈՎԸ

Հայ Եկեղեցւոյ համաշխարհային երիտասարդաց միաւորման (ՀԵՀԵՄ) գործունէութիւնը, որ քորոնաժահրի համավարակի հետեւանքով ընդհատուած էր, այս շրջանին դարձեալ աշխուժանալ սկսած է՝ Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ։ Այս ծիրէն ներս, շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ ՀԵՀԵՄ-ի տեղական մասնաճիւղերու ատենապետներուն առցանց ժողովը։

ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԹԵՄԻ ԱՌԱՋՆՈՐԴԸ ՍԱՐԿԱՒԱԳ ՄԸ ՁԵՌՆԱԴՐԵՑ ՖՐԵԶՆՈՅԻ ՄԷՋ

Հայց. Առաքելական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմի առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեան վերջերս այցելեց Ֆրեզնօ, ուր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ մէջ։ Այս արարողութիւնը մայր եկեղեցւոյ կամարներուն ներքեւ համախմբեց հարիւրաւոր հաւատացեալներ, որոնք ունկնդրեցին Նորին Սրբազնութեան քարոզին։

Էջեր