ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՅԻՇԱՏԱԿՄԱՆ ՏՕՆԸ՝ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ երէկ աւանդական տօնակատարութիւններ տեղի ունեցան Ս. Ղեւոնդեանց քահանայից տօնին առթիւ։ Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան նախագահեց արարողութիւններուն, որոնց մասնակցեցան Տ. Արամ Արք. Աթէշեան եւ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու գրեթէ բոլոր անդամները