Եկեղեցական

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ նախագահեց Ենիգաբուի Ս. Թադէոս-Ս. Բարթողիմէոս եկեղեցւոյ տարեկան անուան տօնախմբութեան հանդիսութիւններուն։ Արարողութեանց ներկայ էր նաեւ Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։

ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ԳԻՐՔ

Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի հրատարակչութեան բաժինը լոյս ընծայեց Պատրիարքական Աթոռի միաբաններէն Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի գիրքը։ Սա հայր սուրբին կողմէ պաշտպանուած վարդապետական թէզի գիրքի ձեւաչափով հրատարակութիւնն է։

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՒ ՎԱՏԻԿԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉԻՆ ՀԵՏ

Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Տ.Տ. Արամ Ա. Կաթողիկոսը, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու վերջին շփումներուն ծիրէն ներս, Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ՝ ՄԱԿ-ի մօտ Վատիկանի մշտական ներկայացուցիչ Կապրիէլ Քաչիա Արքեպիսկոպոսին հետ։ Ըստ Անթիլիասի աղբիւրներուն, զրոյցը տեւեց շուրջ երկու ժամ՝ մտերմիկ մթնոլորտի մէջ։

ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐՈՒ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

Եգիպտոսէն ղպտի յայտնի գործարար Նակիպ Սավիրիսի վերջին օրերուն շփումներ ունեցաւ Երեւանի մէջ, ուր ընդունուեցաւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ։ Կեցութեան օրերուն ան այցելեց նաեւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին, ուր հիւրընկալուեցաւ Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին կողմէ։

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԵԱՆ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, շաբաթավերջին նախագահեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան արարողութեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Յուսիկ Քահանայ Հերկելեան։

Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ՍՔԱՆՉԵԼԱԳՈՐԾ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԹՈՓԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ

Ս. Նիկողայոս Սքանչելագործ Հայրապետը շաբաթավերջին յիշատակուեցաւ Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ։ Արարողութեանց հանդիսապետեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան: Ներկայ էին նաեւ Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԿԸ ԿԱՐԵՒՈՐԷ ՀՈԳԵՒՈՐ ՓՈՐՁԱՌՈՒԹԵԱՆ ՓՈԽԱՆԱԿՈՒՄՆԵՐԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ մէկտեղուեցաւ վերապատրաստման դասընթացքները աւարտած եկեղեցականներու հետ։ Մայրավանքի «Գարեգին Ա.» կրթական կեդրոնէն ներս այս շրջանին քահանայ հայրեր խումբ առ խումբ վերապատրաստման երկշաբաթեայ դասընթացքներու կը մասնակցին։

ՎԵՀԱՓԱՌ ՀԱՅՐԱՊԵՏԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԻՐԱՔԻ ՆԱԽԱԳԱՀԸ

Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ հիւրընկալեց Իրաքի նախագահ Ապտիւլլաթիֆ Ճեմալ Ռաշիտը, որ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Հայաստան։
Ողջունելով Իրաքի նախագահին գլխաւորած պատուիրակութիւնը՝ Վեհափառ Հայրապետը վստահութիւն յայտնեց, թէ այս այցելութիւնը կը նպաստէ երկու ժողովուրդներու փոխյարաբերութիւններու առաւել սերտացման եւ միջպետական կապերու ընդլայնման։ Խօսելով Իրաքի հայ համայնքի մասին՝ Նորին Սրբութիւնը նշեց, թէ ան կը բերէ իր կարեւոր նպաստը երկկողմանի յարաբերութիւններու խորացման ուղղութեամբ։

Էջեր