ԳՈՒՐՈՒՉԷՇՄԷԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՏԱՐԵԿԱՆ ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆԸ ՓԱՅԼՈՒՆ ԱՆՑԱՒ
Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց նախագահեց Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, որ տուաւ նաեւ օրուան պատգամը։ Երեւման Ս. Խաչի տօնին առթիւ պատարագեց Տ. Յովակիմ Վրդ. Սերովբեան։
Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան, Ս. Զատկի առթիւ մեկնեցաւ Տիարպաքըր, ուր Ս. Պատարագ մատոյց տեղւոյն Ս. Կիրակոս եկեղեցւոյ մէջ: Տէր հօր ընկերացան Ղազար Կսրկ. Սապունճու, Յակոբ Կսրկ. Սարաֆ։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ ընդունեց՝ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ երեքշաբաթեայ վերապատրաստման դասընթացքներու մասնակից հերթական եկեղեցականներու խումբը։ Այս դասընթացքներուն մասնակից քահանաները թէ՛ Հայաստանէն եւ թէ սփիւռքի տարբեր թեմերէն էին։
Մարսէյլի արքեպիսկոպոսը երէկ այցելութիւն մը տուաւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածին:
Տաւուշի մարզէն սահմանակից չորս գիւղերը Ատրպէյճանին յանձնելու ուղղեալ որոշումը Հայաստանի մէջ մեծ պոռթկում յառաջացուցած է։ Հասարակութեան լայն խաւերը իշխանութիւններու կողմէ առնուած այս որոշման դէմ բողոքի ալիք կը բարձրացնեն՝ մինչ յիշեալ գիւղերու բնակիչները կը շարունակեն ճանապարհներ փակել։
Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մատուցուեցաւ Ս. Պատարագ՝ ձեռամբ Տ. Յարութիւն Վարդապետ Տամատեանի, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Երկար տարիներ վերջ Ս. Զատկի շրջանին արարողութիւն տեղի ունեցաւ Պէյքոզի եկեղեցւոյ մէջ, ինչ որ բացառիկ մթնոլորտի ստեղծուելուն առիթ դարձաւ։
Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսը երէկ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ ընդունեց «Քարիթաս Գերմանիա» կազմակերպութեան պատուիրակութիւնը։ Հիւրերը գլխաւորեց «Քարիթաս»ի միջազգային գրասենեակի դրամաշնորհներու գլխաւոր պատասխանատու Անտրէաս Պրենտեր։