ԻՐԱՒԱԲԱՆ ԱԼԻ ԷԼՊԷՅՕՂԼՈՒ. «ԸՆՏՐՈՒԹԵԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀԸ ԲԱՑՈՒԱԾ Է ՓՈՔՐԱՄԱՍՆԱԿԱՆ ՎԱՔԸՖՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ»
Անգարայի 7-րդ Վարչական ատեանին կողմէ արձակուած վերջին վճռին արձագանգները կը շարունակուին։ Ինչպէս ծանօթ է, դատարանի վճիռով անվաւեր ճանաչուած էին Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան կողմէ հրապարակուած երկու շրջաբերականները։
«Արաս» հրատարակչութիւնը ներկայիս ընթերցասէրներու տրամադրութեան տակ դրած է յատկանշական գիրք մը։ «Մարդը գործին մէջէն. Աքսորականի գաղտնի օրագիր» կը կոչուի այս գործը, որու հեղինակն է Լեռ Կամսար։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետութեան հասարակական ծառայութեան ծիրէն ներս, համայնքիս կարիքաւոր ընտանիքներու համար յատկացուած 567 զոյգ օժանդակութեան տոմսը, այս շաբաթ հասաւ Պատրիարքարան։
ԳՐԻԳՈՐ Ա. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Կեդրոնական վարժարանի ծնողաց միութիւնը Ս. Զատկի տօնին ընդառաջ այս տարի եւս կազմակերպած է քէրմէս մը։ Սա դպրոցին ի նպաստ աւանդական ձեռնարկ մըն է, սակայն, այդ աւանդութիւնը կը պահպանուի բոլորովին նոր միջոցներով։
«Մեր հայեր» իրերօգնութեան ու զօրակցութեան հարթակը կը շարունակէ մեր համայնքէն ներս աշխատանք տանիլ։ Նորաստեղծ այս հարթակի գործունէութիւնը սկիզբ առած է քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի շրջանին։
Ըստ ընկալեալ սովորութեան, ամէն տարի, Ս. Քառասուն Մանկանց տօնի նախօրեակին, Կեսարիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Իսքենտերունի Ս. Քառասուն Մանկանց եւ Վաքըֆլըգիւղի Ս. Աստուածածին եկեղեցիներուն ուխտագնացութիւն կը կատարուի եւ հանդիսաւոր արարողութիւններ տեղի կ՚ունենան։ Անցեալ տարի, քորոնաժահրի համավարակի պատճառաւ, բոլորովին ջնջուած էր այս ուխտագնացութիւնը։
«Տէյէր» միութիւնը մասնագիտական խնամք կը կազմակերպէ օթիզմէ տառապող երեխաներու համար:
Ներքին գործոց նախարար Սիւլէյման Սոյլու վերջին օրերուն կորսնցուց իր մայրը՝ Սերվէթ Սոյլուն, որ 75 տարեկան էր եւ միջոցէ մը ի վեր կը տառապէր հիւանդութենէ։ Շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հանգուցեալին յուղարկաւորութիւնը, որուն մասնակցեցան Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան եւ պետական աւագանիէն գրեթէ բոլոր յառաջատար դէմքերը։
Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարով բնորոշուած անցեալ շուրջ միամեայ ժամանակաշրջանին թրքահայ ազգային-եկեղեցական կեանքի առաջնահերթութեան վերածուեցաւ ընկերային զօրակցութեան շարժումը։ Համայնքէն ներս յանկարծ արտասովոր կարիքներ գոյացան եւ անոնք դարձան հրատապ՝ համաճարակով պայմանաւորուած առողջապահական եւ ընկերատնտեսական ծանր խնդիրներուն հետեւանքով։