ԵՐԱԽՏԱՇԱՏ ՎԵՐՅԻՇՈՒՄ
Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը ոգեկոչման արարողութեան ընթացքին բիւր յարգանքով դիպուկ արտայայտութիւններ ունեցաւ:
Պատրիարքական Աթոռի նախորդ երեք երջանկայիշատակ գահակալներուն՝ Տ. Շնորհք Արք. Գալուստեանի, Տ. Գարեգին Արք. Գազանճեանի եւ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի շիրիմներուն վրայ երէկ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ՝ պոլսահայ հոգեւորականաց դասու մասնակցութեամբ:
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, վերջերս Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց «Hay Mentee-Mentor» երիտասարդաց ծրագրի պատասխանատուները, որոնք ծրագրի փետրուար ամսուան գործունէութեանց մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին Նորին Ամենապատուութեան։
Պատրիարքական Աթոռի նախորդ գահակալ՝ երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ Արք. Մութաֆեանի վախճանման տարելիցն է այսօր։ Երկու տարի առաջ երանաշնորհ պատրիարքը հրաժեշտ առած էր երկրաւոր կեանքէ։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան, նախընթաց օր, յետմիջօրէին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Թուրքիոյ մօտ Եւրոմիութեան պատուիրակութեան անդամները՝ գլխաւորութեամբ դեսպան Նիքոլաուս Մէյէր-Լանտրութի։ Քաղաքավարական այս այցելութեամբ դիւանագէտները փափաքած էին առաւել ծանօթանալ հայ համայնքին։
Kadasetli Patrik Hazretleri Sahak II özel davetle, diğer azınlık dini önderleri ve cemaat temsilcileriyle 2 Mart 2021, Salı günü, Ankara Beştepe Millet Kongre ve Kültür Merkezi’nde, “İnsan Hakları Eylem Planı Tanıtım Toplantısı”na katılmışlardır. Toplantıda Sayın Cumhurbaşkanı Recep Tayyip Erdoğan, söz konusu planın tanıtımını bizzat yapmıştır.
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը այս շրջանին շինարարական լայնածաւալ աշխատանքներու ձեռնարկած է։ Այսպէս, ատենապետ Եդուարդ Այվազեան եւ իր գործակից ընկերները մեծ ծրագրի մը ձեռնամուխ եղած են՝ եկեղեցապատկան կալուածներու վերանորոգութեան առաջադրութեամբ։
Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ Ս. Պատարագի արարողութեան հանդիսապետեց Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։ Պատարագիչն էր Տ. Յովակիմ Աբեղայ Սերովբեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանի միջնակարգի աշակերտները վերջերս ունեցած են գնահատելի նուաճում մը։ Այսպէս, անոնք արժանացած են «e-Twinning-21 Եւրոպա»ի առաջնութեան։
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանի մէջ հրաժեշտի վաղաժամ հաւաքոյթ մը տեղի ունեցաւ այս տարուայ շրջանաւարտներուն համար։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան երէկ այցելեց մայրաքաղաք Անգարա։ Պեշթեփէի նախագահական համալիրէն ներս Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը հրաւիրուած էր մասնակցելու Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողանի հովանաւորութեան ներքեւ կազմակերպուած հաւաքոյթի մը, որու ընթացքին հրապարակուեցաւ Մարդու իրաւանց գործողութիւններու ծրագիրը։