Տ.Տ. ՊԱՐԹՈԼՈՄԷՈՍ Ա. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԱՅՑԵԼԵՑ Ս. ԶԱՏԿԻ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ
Մինչ քրիստոնեայ աշխարհէն ներս Ս. Զատկի տօնին առթիւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտ ստեղծուած է, եկեղեցիներու առաջնորդներն ալ այս շրջանին կը թարմացնեն իրենց եղբայրական յարաբերութիւնները։ Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ուղղափառ եկեղեցւոյ տիեզերական պատրիարք Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա.-ը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Միջազգային շարժանկարի քննադատներու դաշնակցութեան (FIPRESCI) նախագահ վերընտրուած է Ալին Թաշճեան։ Անցեալ շրջանին ան եղած էր այդ պաշտօնը ստանձնած՝ իգական սեռի առաջին ներկայացուցիչը պատմութեան մէջ։
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան Ս. Զատկի տօնին առթիւ շաբաթավերջին հրապարակեց շնորհաւորական մը։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր պատգամին թրքերէն բնագիրը։
Այս ուրախ աւետիսով կ՚ողջունենք զիրար՝ հասած ըլլալով Ս. Զատկի տօնին։ Մեծ պահքի աւարտին կ՚ապրինք Զատկական ուրախութիւնը։
Մեր երաժշտական աշխարհէն ներս այս շրջանին կը փայլի համակրելի մեներգչուհի Նուարդ Աւետիքօղլուի աստղը, որ գեղարուեստասէրներու ուշադրութեան կ՚արժանանայ իր կատարողական կարողութիւններով եւ դիպուկ ձայնով։
Այսու, կու գանք մերազն հաւատացեալ ժողովուրդի ուշադրութեան յանձնել, թէ պաշտօնական մարմիններու ցուցմունքներուն զուգահեռ Ս. Զատկի առթիւ եղած են հետեւեալ տնօրինումները.
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանէն ներս Ս. Զատկի տօնին առթիւ տեղի ունեցաւ ընտանեկան մթնոլորտով հաւաք մը։ Այսպէս, աշակերտները ստացան դպրոցի կամաւոր հոգաբարձուներուն կողմէ իրենց համար պատրաստուած նուէրները։
Սուրբ Խաչ դպրեվանքի սանուց միութեան 18-րդ հերթական համագումարը տեղի ունեցաւ շաբաթավերջին։ Միութեան Նարլըգաբուի հաւաքատեղիին մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողովը՝ քորոնաժահրի համաճարակով պայմանաւորուած սահմանափակումներուն համապատասխան։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. Արք. Մաշալեան Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբուի Դրսի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները՝ գլխաւորութեամբ ատենապետ Արուշ Թաշի, որոնց միացած էր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան։