Թրքահայ կեանք

ՈՉ ԵՒՍ Է ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԲԱՐՈՒՆԱԿԵԱՆ

Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ երէկ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքային շրջանակներու շատ սիրուած ու յարգուած բարերարներէն մին՝ Անդրանիկ Բարունակեան։ Ան հազիւ 65 տարեկանին աչքերը փակած է կեանքին եւ յետ երկարատեւ հիւանդութեան՝ անժամանակ ձեւով հրաժեշտ առած իր սիրելիներէն։

ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Համայնքային շրջանակները երէկ հերթական անգամ համախմբուեցան Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրին մէջ՝ այս անգամ զօրակցելու համար Կեդրոնական վարժարանին։
Վարժարանին ի նպաստ տարեկան հանգանակութեան արդիւնքը գերազանցեց ակնկալութիւնները եւ որոշ չափով կ՚երաշխաւորէ անոր գործունէութեան կայունութիւնը:

ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՒԱՐՏՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԵԿԱՆ ՄԵԾ ՈՒ ՈԳԵՒՈՐ ՀԱՒԱՔԸ

Գարակէօզեանի ընտանիքը շաբաթավերջին համախմբուեցաւ շրջանաւարտներու աւանդական օրուան առթիւ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Գարակէօզեանի ընտանիքի ներկայացուցիչները Շաբաթ առաւօտ փութացին Շիշլիի գերեզմանատունը, ուր հոգեհանգստեան պաշտօն մը տեղի ունեցաւ վարժարանի բարեյիշատակ հիմնադիր Տիգրան էֆէնտի Գարակէօզեանի շիրմին մօտ։

ԷՍԱԵԱՆ ՀԱՐԱԶԱՏՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՈԳԵԿՈՉՈՒԵՑԱՆ ԹԱՔՍԻՄԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Թաքսիմի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ երէկ բիւր յարգանքով ոգեկոչուեցան բարեյիշատակ Յովհաննէս եւ Մկրտիչ Էսաեան հարազատները։ Էսաեան վարժարանի հիմնադիրները հերթական անգամ վերյիշուեցան բիւր յարգանքով եւ Էսաեան մեծ ընտանիքի երկիւղած զգացումներով։

ՎԱՂԸ ՏԵՂԻ ՊԻՏԻ ՈՒՆԵՆԱՅ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆԻ Ի ՆՊԱՍՏ ՏԱՐԵԿԱՆ ՍԻՐՈՅ ՍԵՂԱՆԸ

Համայնքային շրջանակները վաղը ժամադրուած են Կեդրոնական վարժարանի ի նպաստ աւանդական սիրոյ սեղանին համար։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, կրօնական եւ աշխարհիկ արարողութիւնները տեղի պիտի ունենան Գումգաբուի մէջ։ Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ համալիրէն ներս հերթական անգամ պիտի համախմբուին մեր բարերաները, հաստատութիւններու վարիչներն ու Կեդրոնականի սաները, համակիրները։

ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՄԷՋ ՄԱՆԿԱՊԱՐՏԷԶԻ ՓՈՔՐԻԿՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԽՐԱԽՃԱՆՔ

​Մխիթարեան վարժարանին մէջ Ամանորի եւ Ս. Ծննդեան առթիւ տեղի ունեցաւ փայլուն հանդէս մը մանկապարտէզի փոքրիկներուն համար։ Վարժարանի սրահը յարդարուած էր գեղեցկօրէն եւ անոր երդիքին տակ կը տիրէր տօնական տրամադրութիւն։

ՖՈՒԹՍԱԼԻ ՈԳԵՒՈՐ ՄՐՑԱՇԱՐՔ

​Շիշ­լի մար­զա­կում­բի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած եւ Նու­պա­րիկ Հա­մամ­ճեա­նի յի­շա­տա­կին ձօ­նուած ֆութ­սա­լի մրցա­շար­քը վեր­ջին շրջա­նին ար­ժա­նա­ցաւ մեր մար­զա­սէր շրջա­նակ­նե­րու ան­մի­ջա­կան հե­տաքրք­րու­թեան։ Հինգ խում­բե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուե­ցաւ այս մրցա­շար­քը։

ՍՈՒՐԲ ԾՆՆԴԵԱՆ ԽԱՆԴԱՎԱՌ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ շաբաթավերջին մեծ խանդավառութեամբ նշուեցաւ Ս. Ծննդեան եւ Աստուածայայտնութեան տաղաւարը։

Էջեր