ԵՐԳԻ ԵՒ ՊԱՐԻ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐ ՁԵՌՆԱՐԿ
Պաքըրգիւղի «Լէյլա Կենճէր» մշակոյթի կեդրոնին մէջ երէկ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Տատեան վարժարանի հիմնադրութեան 175-ամեակի յոբելենական ձեռնարկներէն մին։ Սա երգի եւ պարի հանդիսութիւն մըն էր, որով եզրափակուեցաւ յոբելենական ծրագիրը։
Գատըգիւղի Արամեան սանուց միութենէն ներս անցեալ շաբթուան մէջ գումարուեցաւ ընդհանուր ժողով, որու արդիւնքով ընտրուեցաւ միութեան նոր վարչութիւնը։ Մինչեւ 2021 թուականը միութեան ղեկը պիտի ստանձնէ այս նորընտիր վարչութիւնը, որու կազմին մէջ կը գտնուին՝ Սեւան Աթաօղլու, Ալին Շէնճան, Արի Մեշալէճիօղլու, Քրիստին Տելլալօղլու, Արէտ Տէյիրմենճի, Թանիա Հանչէրօղլու եւ Ալէն Պիւյիւքգույումճեան։
Գատըգիւղի ընտանիքը երէկ ապրեցաւ տօնական օր մը։ Թաղի Արամեան-Ունճեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան հաւաքը համախմբեց հոծ թիւով թաղեցիներ եւ դպրոցի սաներ։
Գարակէօզեան Տան մէջ երէկ տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի փոքրիկներու տարեվերջի հանդէսը, որ մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց դպրոցէն ներս։ Գարակէօզեանի մանկապարտէզը կը բաղկանայ ընդհանուր առմամբ երեք խմբաւորումէ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ մանկապարտէզի դասարաններու տարեվերջի հանդէսը։ Մանկապարտէզի առաջին եւ երկրորդ փուլերու փոքրիկները առանձին յայտագիր մը գործադրեցին, իսկ մանկապարտէզի երրորդ փուլի փոքրիկները իրենց ծրագիրը ներկայացուցին տարբեր ձեւաչափի մը մէջ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկները նախընթաց օր հանդէսով մը եզրափակեցին ներկայ կրթական շրջանը։ Թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ ձեռնարկը, որ Թոփգաբուի ընտանիքին մօտ առիթ հանդիսացաւ մեծ խանդավառութեան։
Գալֆաեան Տան ի նպաստ երէկ տեղի ունեցաւ կանանց կէսօրուան ճաշկերոյթ մը, որ կազմակերպուած էր տիկնանց յանձնախումբին կողմէ։ Վարժարանի ննջարանի համալիրի պարտէզին մէջ տեղի ունեցաւ այս հաւաքոյթը, որուն մասնակցեցան զանազան թաղերէ համակիրներ։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի աշակերտները այս տարի եւս ունեցան՝ բանաստեղծութեան, պարի եւ խմբերգներու հանդէս մը։ Վերջին տարիներուն դպրոցէն ներս աւանդական դարձած է այս ծրագիրը, որու այս տարուան փուլն ալ առիթ հանդիսացաւ մեծ ոգեւորութեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ Սամաթիոյ ընտանիքը այս շրջանին մեծ խանդավառութիւն կ՚ապրի՝ Սահակեան դպրաց դաս-երգչախումբի հովանաւորութեան ներքեւ գործող մանկապատանեկան խումբի մօտալուտ համերգներու պատրաստութեան բերումով։ Այսպէս, 11 եւ 13 յունիս թուականներուն, Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահի երդիքին տակ տեղի պիտի ունենան Սահակեան մանկանց երգչախումբի համերգները։