ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻ ՄԷՋ ԵՌՈՒԶԵՌ
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ընդունեց շնորհաւորութիւններ:
Յարանուանութիւններու հոգեւոր առաջնորդներ եւ քաղաքապետներ այցելեցին Պատրիարքարան: Նորին սրբազնութիւնը հիւրընկալեց նաեւ իսթանպուլահայ հաստատութիւններու տիկնանց յանձնախումբերու ներկայացուցիչները:
Կէտիկփաշայի «Հրանդ Տինք» վարժարանին մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։ Չորրորդ եւ հինգերորդ դասարանի սաները դեր ստանձնած էին հանդէսի յայտագրին մէջ։
Պատրիարքարանի երէկուան ընդունելութեան ընթացքին, Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի հոգաբարձութեան ատենապետ Պետրոս Շիրինօղլու տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի այցելել մայրաքաղաք Անգարա՝ տեսակցելու համար Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի հետ։ Պետրոս Շիրինօղլու խօսեցաւ Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց թաղային խորհուրդին վերաբերեալ՝ վերջերս համայնքէն ներս շրջանառութեան մէջ մտած զանազան ժխտական լսումներու շուրջ։

Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու երկու ֆրանսացի դիւանագէտներ։ Այսպէս, մեր այցելութեան եկան Անգարայի մօտ Ֆրանսայի դեսպանութեան քաղաքական կցորդ Ժերեմի Մաս եւ Իսթանպուլի մօտ Ֆրանսայի աւագ հիւպատոսութենէն Թոմաս Տիւմոն։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանին մէջ նախընթաց օր տեղի ունեցաւ առաջին դասարանի փոքրիկներու ընթերցման տօնը։ Աւագ շաբթուան օրերուն զուգադիպած այս հանդէսը տօնական մթնոլորտ ստեղծեց դպրոցէն ներս։
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանին մէջ Ս. Զատկի առթիւ տեղի ունեցաւ խրախճանք մը։
Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր եկեղեցւոյ մէջ, Աւագ Երեքշաբթի յետմիջօրէին տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամերգութիւն, որու ընթացքին յիշատակուեցաւ Տասը կոյսերու առակը։
Սամաթիոյ Անարատ Յղութիւն վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ մասնաւոր ձեռնարկ մը՝ Թատրոնի միջազգային օրուան առթիւ։ Տղաքը այս առթիւ ներկայացուցին թատերակներ։