ԾԱՒԱԼՈՒՆ ԵՒ ՀԻՄՆԱՒՈՐԵԱԼ
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նամակ մը ուղարկեց «Քալիֆորնիա քուրիըր»ի հրատարակիչ-խմբագրին՝ պատրիարքական ընտրութեան վերաբերեալ յօդուածին բերումով:
Նորին սրբազնութիւնը Յարութ Սասունեանի նկատառման յանձնած է շարք մը ճշդումներ՝ պատմական եւ իրաւական հանգամանքներու, նաեւ մեր համայնքէն ներս ստեղծուած կացութեան լոյսին տակ:
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ այցելեց Ֆէնէրի Յունաց Պատրիարքարան, ուր ընդունուեցաւ Ուղղափառաց Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Ծայրագոյն Պատրիարքին կողմէ։ Գումգաբուի աղբիւրներու հաղորդումներով, նորին սրբազնութիւնը յայտնեց, որ որպէս տեղապահ փափաքած էր քաղաքավարական այցելութիւն մը տալ եւ ծանօթանալ յունաց պատրիարքին հետ։
Օրթագիւղի Թարգմանչաց վարժարանի Ծնողաց միութիւնը երէկ կէսօրուան ճաշ մը կազմակերպեց Պալթալիմանըի «Փորթաքս» ճաշարանին մէջ։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ ընդունեց Պիւյիւքտէրէի Ս. Հռիփսիմեանց եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Մուրատ Սիւմէն։ Հանդիպման ներկայ էին նաեւ Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան եւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեան։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան երէկ Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Թոփգաբուի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Շանթ Չաքմաքճըն եւ իր ընկերակիցները։
Շիշլի մարզակումբը կը շարունակէ կեանքի կոչել մեր նոր սերունդին ուղղեալ բազմաթիւ ծրագրեր։
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան շաբաթավերջին Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Ասորի համայնքի պատրիարքական փոխանորդ Եուսուֆ Չեթին Մետրապոլիտը։
Էսաեան վարժարանին մէջ խանդավառ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Թարգմանչաց տօնին առթիւ։ 8-րդ դասարանի աշակերտները հանդէսի ժամանակ ներկայացուցին մեծ բանաստեղծ Զահրատի ստեղծագործութիւններէն նմոյշներ։
Պատրիարքական ընտրութեան գործընթացին վերաբերեալ առկայ փակուղին կը շարունակէ անմիջականօրէն զբաղեցնել համայնքային շրջանակներուն օրակարգը։