ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ՎԱՐԻՉՆԵՐԸ ԵՐԷԿ ՅԱՐԳԱՆՔԻ ԱՅՑ ՄԸ ՏՈՒԻՆ ՀՈԳԵԼՈՅՍ ԶԵՆՈԲ ԷՖԷՆՏԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆԻ ՇԻՐՄԻՆ
Ֆէրիգիւղի ընտանիքը երէկ իր յարգանքի տուրքը մատոյց թաղի Մէրամէթճեան վարժարանի երախտաշատ հիմնադրին՝ հոգելոյս Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանի յիշատակին նկատմամբ։ Օր մը առաջ, յաւարտ կիրակնօրեայ Ս. Պատարագի, Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ հանգուցեալ Զենոբ էֆէնտի Մէրամէթճեանի համար։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ «Կենդանի գիրքեր» խորագրեալ ձեռնարկ մը։ Մեր համայնքային հինգ լիսէներէն աշակերտական խումբեր մասնակցութիւն բերին այս ծրագրին, իրենց անգլերէնի ուսուցիչներու հսկողութեամբ։
Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի պատանեկան կազմերը վերջերս այցելեցին Հիւսիսային Կիպրոս, ուր նուաճեցին բաժակ մը։ Ակումբի մինչեւ 12 եւ մինչեւ 14 տարեկաններու կազմերը խաղացին Հիւսիսային Կիպրոսի թրքական ընտրանիին հետ։
Պաքըրգիւղի ընտանիքը երէկ խանդավառ օր մը ապրեցաւ Տատեան վարժարանի շրջանաւարտից տարեկան աւանդական հաւաքին առթիւ։ Երէկ յետմիջօրէին դպրոցի նորակառոյց համալիրէն ներս տեղի ունեցաւ շրջանաւարտից տարեկան հաւաքոյթը, որու յայտագիրը գործադրուեցաւ «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» հանդիսասրահի երդիքին տակ։
Էսաեան վարժարանի աւարտական դասարանէն խումբ մը աշակերտներ այցելեցին Պալըքլըի ազգային գերեզմատունը, հայերէնի ուսուցչուհի Արմաւենի Միրօղլուի հսկողութեամբ։ Տղաքը աղօթեցին գերեզմանատան Ս. Սարգիս մատրան մէջ եւ շրջայց մը կատարելով հաղորդ դարձան գերեզմանատան պատմութեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի մանկապարտէզի փոքրիկներուն տարեվերջի հանդէսը երէկ տեղի ունեցաւ թաղի Ս. Նիկողայոս եկեղեցւոյ յարակից «Իլգգան» սրահին մէջ։ Ներկայ էին թաղային խորհուրդի ներկայացուցիչները, ծնողաց միութեան պատասխանատուներն ու մանկարպարտէզի փոքրիկներուն ընտանիքները։
Իսթանպուլի գլխաւոր քաղաքապետ Քատիր Թոփպաշ երէկ այցելեց Մխիթարեան վարժարան։ Այս առթիւ խանդավառ մթնոլորտ մը ստեղծուեցաւ դպրոցի երդիքին տակ։ Քաղաքապետ Թոփպաշին ընկերացան ԱՔ կուսակցութեան Շիշլիի մասնաճիւղի ղեկավար Էօմէր Ֆուատ Կիւնտայ եւ իր խորհրդականներէն Նատիա Թաշէլ։
Պաքըրգիւղի Տատեան վարժարանի «Տիգրան Կիւլմէզկիլ» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Բառ մը եւ գործողութիւն մը» մրցումը, որ կազմակերպուած էր դպրոցի ուսողութեան եւ լեզուի ուսուցիչներու կողմէ:
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանին մէջ խանդավառ հանդէս մը տեղի ունեցաւ Մայրերու օրուան առթիւ։ Մայրերու օրուան այս տարուան հանդէսը մանկապարտէզի փոքրիկներուն կողմէ պատրաստուած էր։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան երէկ երեկոյեան համայնքային մամուլի նկատառման յանձնեց յայտարարութիւն մը, որով կ՚անդրադառնայ Պատրիարքական Աթոռին կողմէ Հայաստանի Պետական ակադեմական երգչախումբի խմբավար Յովհաննէս Չեքիճեանի պարգեւատրման։ Մաէսթրոյի 90-ամեակին առթիւ կատարուած այս պարգեւատրման կապակցութեամբ Նորին Սրբազնութիւնը հարկ նկատած է լուսաբանել կարգ մը պղտոր կէտեր։