ԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԵՆԹԱԳԵՏԻՆ
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արքեպիսկոպոս Պեքճեանի նախագահութեամբ, երէկ երեկոյեան Պատրիարքարանի մէջ տեղի ունեցաւ կարեւոր խորհրդակցութիւն մը՝ նախկին գերեզմանատան տարածքին համար պետութեան կողմէ որպէս հատուցում փոխանցուած գումարներու նպատակասլաց արժեւորման նիւթին շուրջ։
VADİP-ի դիւանի ատենադպիր Յարութիւն Շանլը տեղեկացուց, որ մինչեւ շաբաթավերջ ժամադրութիւն մը կը նախատեսուի փաստաբան ալի էլպէյօղլուի հետ: Հրանդ Մոսկոֆեանի համոզմամբ, համայնքային հաստատութիւններուն համար տրամադրուելիք միջոցները պէտք է յստակ չափանիշներ ունենան եւ անպայման պէտք է մշակուի կանոնադրութիւն մը՝ եթէ նոյնիսկ այդ մէկը ըլլայ անպաշտօն։
Մասնագէտ ազգայիններէ բաղկացեալ՝ թաղային խորհուրդի առընթեր ստեղծուելիք յանձնախումբին կորիզը արդէն յստակացած է եւ աստիճանաբար կը բիւրեղանան աշխատանքներու հիմնական առանցքները։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Պատրիարքական տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Հայաստանի մէջ կեցութեան ընթացքին զանազան լրատուամիջոցներու հարցազրոյցներ տալով՝ անդրադարձած է Պոլսոյ Աթոռի իրադարձութիւններուն։ Նորին սրբազնութիւնը այս առթիւ ընդգծած է, որ լարուածութիւնը թուլացած է, հանդարտ իրավիճակ մը կը տիրէ։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Շաբաթավերջին, Գանտիլլիի Ս. Երկոտասան Առաքելոց եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեկան անուան տօնախմբութեան արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան։ Ս. Պատարագը մատոյց Տ. Գրիգոր Ա. Քհնյ. Տամատեան, ներկայ էր նաեւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան։
Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեանի գլխաւորութեամբ, երէկ յետմիջօրէին Գումգաբուի մէջ տեղի ունեցաւ Նախաձեռնարկ մարմնի եւ մեր հաստատութիւններու մատակարար մարմիններու ատենապետներու կամ լիազօր ներկայացուցիչներու մասնակցութեամբ համատեղ խորհրդակցութիւն մը:
Տ. Արամ Արք. Աթէշեան ներակայիս ընկերային ցանցերու միջոցաւ կը պատասխանէ իրեն դէմ յառաջ քշուած պնդումներուն։ Ան երէկ Դիմատետրի (facebook) վրայ զետեղած է իր ստորագրութեամբ ծաւալուն նիւթ մը, որուն ածանցած է նաեւ շարք մը տեսողական առարկաներ՝ որպէս փաստ։
Համայնքային վաքըֆներու հարթակի (VADİP), Պատրիարքարանի յարակից «Յովակիմ 1461» հիմնարկի եւ Սուրբ Նիկողայոս եկեղեցւոյ թաղային