ԱՄՐԱՆ ՇՐՋԱՆԻ ՍՈՒՐԲ ԳՐԱՅԻՆ ՍԵՐՏՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ
Ինչպէս անցեալ տարի, այս տարի եւս Կրօնական ժողովի ատենապետ Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան, Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ տարբեր առիթներով շարունակեց միջօրեայ Ս. Գրային սերտողութիւնները։
Անուշ Թրուանց կը տեղեկացնէ Երեւանէն.-
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած «Իսթանպուլի հայ համայնքի օրերը Հայաստանի մէջ» ծրագրի 2017 թուականի փուլը նշանաւորուեցաւ մաէսթրօ Ատրուշան Հալաճեանի սաներուն անմոռանալի ու գերազանց համերգով, որ ձօնուած էր Յովհաննէս Չեքիճեանի 90-ամեայ յոբելեանին եւ որուն ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կենդանի առասպել երաժիշտ մը՝ Տիգրան Մանսուրեան:
Վարդանանց երգչախումբի Երեւանի համերգին ընթացքին արտայայտուեցաւ Դպրաց դասու նախագահ Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։ Ստորեւ կը ներկայացնենք իր ելոյթի սղագրութիւնը։
Երէկ, հաճոյքն ունեցանք խմբագրատանս մէջ հիւրընկալելու Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դաս-երգչախումբէն ներկայացուցիչներ՝ խմբավար Ատրուշան Հալաճեանը, վարչայիններէն Նուպար Կիւզելտեւլեթեանը եւ անդամուհիներէն Ալիս Շահինօղլուն։
Կազդուրման կայանի ամրան շրջանը իր աւարտին հասաւ այս շաբաթավերջին։ Աշակերտները եղանակի փակումը տօնեցին մասնսկցութեամբ Գընալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեանի, որ կայան այցելեց մասնակցելու համար ամավերջի հանդիսութեանց։
Տեղապահ Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան Գնալը կղզիի բարձունքին նախագահեց Վաքըֆլըգիւղին ձօնուած բազմակողմանի ձեռնարկին, որով ստեղծուեցաւ մեծ ոգեւորութիւն:
Թաքսիմ մարզակումբի ֆութպոլի կազմը բացաւ 2017-2018 մարզական շրջանը։ Ակումբի Ֆէրիգիւղի «Սիւլէյման Սեպա» մարզադաշտին վրայ այս առթիւ համախմբուեցան մարզիկները, մարզիչներն ու վարչայինները։
Գնալը կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ, նախընթաց օր երեկոյեան, տեղի ունեցաւ Նաւասարդեան պարի եւ երաժշտութեան խրախճանքը։ Հանդիսութիւնը գըլ-խաւորեց եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Յարութիւն Աբեղայ Տամատեան, իր մօտ ունենալով Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամները եւ Ս. Ներսէսեան դպրաց դասը։