ԱՇԽՈՅԺ ԵՐԹԵՒԵԿ
Տեղապահ սրբազան հայրը այս առաւօտ նախագահեց Եկեղեցականաց համագումարի ժողովին:
Գումգաբուի մէջ ուշադիր աշխատանք կը տարուի՝ յաչս պետութեան բանաձեւելու եւ հիմնաւորելու համար ընդհանուր փոխանորդի պաշտօնին վերջ գտած ըլլալը: Տ. Գարեգին Արք. Պեքճեան եւ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան հանդիպում մը ունեցան վերջին օրերու արձակուրդէն առաջ:
Նորին Սրբազնութիւնը կը շարունակէ լայնախարիսխ խորհրդակցութիւնները՝ նախաձեռնարկ մարմնի մը ձեւաւորման սեմին:
Հայաստանի մէջ վերջին օրերուն տեղի ունեցաւ թրքահայ համայնքին տեսակէտէ յատկանշական հարսանիք մը։ Այսպէս, երկրի հարաւի պատմական վանքերէն Նորավանքի մէջ ամուսնացան մեր համայնքէն Լենա Քաթըքէօյ եւ Շանթ Չաքմաքճը։
Պատրիարքական ընտրութեան նախապատրաստական գործընթացը յառաջ կը տարուի բազմակողմանի խորհրդակցութիւններով, որոնց արդիւնքով աստիճանաբար կը բիւրեղանան համայնքային շրջանակներու սպասումները եւ կը յստակենայ հերթականութիւնը այն շփումներուն, որոնք պիտի մշակուին պատկան իշխանութիւններուն հետ:
Երէկ երեկոյեան Էսաեան վարժարանին մէջ տեղի ունեցաւ 2016-2017 կրթական շրջանի ընթացաւարտներու հրաժեշտի հանդիսութիւնը։ Դպրոցէն ներս մեծ խանդավառութիւն ստեղծեց շրջանաւարտներուն ի պատիւ կազմակերպուած այս ձեռնարկը եւ Էսաեանի ընտանիքը յարատեւ յաջողութեան մաղթանքով հրաժեշտ տուաւ ընթացաւարտներուն։
Կրօնական ժողովը նիստէն վերջ զօրակցութիւն յայտնեց տեղապահին, ինչ որ կարեւոր նշանակութիւն ունի պատրիարքական ընտրութեան գործընթացը նպատակասլաց ձեւով յառաջ տանելու առումով։
Պատրիարքարանի վարչամեքենան աստիճանաբար կը վերսկսի բանիլ լիարժէք ձեւով։ Շուրջ երեք ամսուան ընդհատումէ մը վերջ Գումգաբուի մէջ այս առաւօտ տեղի ունեցաւ Կրօնական ժողովի նիստ։
Մշակոյթի նախարար Նապի Ավճը անցեալ շաբաթավերջին իֆթարի սեղանի մը մասնակցեցաւ Մխիթարեան վարժարանին մէջ։ Դպրոցի պարտէզին մէջ սարքուած սեղաններուն շուրջ նախարարին առընթեր համախմբուեցան շարք մը բարձրաստիճան դիւանակալներ, ինչպէս նաեւ Սեւ ծովեան տնտեսական համագործակցութեան կազմակերպութեան մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ Արսէն Աւագեան։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ մեր համայնքի յայտնի բարերարներէն Արէտ Երկանեանի արդիւնաբերական արտադրանքի ընկերութիւնները միշտ պատնէշի վրայ կը մնան Թուրքիոյ գործարար աշխարհէն ներս։ Այսպէս, վերջերս հրապարակուեցաւ Թուրքիոյ մեծագոյն հինգ հարիւր ճարտարարուեստի ընկերութիւններու ցուցակը, որու վրայ կը գտնուին Երկանեանի երկու ընկերութիւնները։