ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ՓԱՅԼՈՒՆ ՅԱՋՈՂՈԹԻՒՆԸ ՃԱՏՐԱԿԻ ՄԷՋ
Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտները վերջերս հերթական անգամ յաջողութիւն մը արձանագրեցին ճատրակի մէջ։ Այսպէս, դպրոցի խումբը ախոյեան հանդիսացաւ «Տարրիւշաֆաքա» կրթական հաստատութիւններուն կողմէ վերջերս կազմակերպուած ճատրակի մրցաշարքի արդիւնքին։