ՖԷՐԻԳԻՒՂԻ ՄԷՐԱՄԷԹՃԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՍԱՆԵՐԷՆ ՔՐԻՍՏԻՆ ԾԱՌՈՒԿ ՆՈՒԱՃԵՑ ԱՌԱՋՆՈՒԹԵԱՆ ՄՐՑԱՆԱԿ
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ Ֆէրիգիւղի Մէրամէթճեան վարժարանի աշակերտուհիներէն Քրիստին Ծառուկ վերջերս շատ փայլուն յաջողութիւն մը արձանագրած է՝ կօշիկներու գծագրման մրցոյթի մը մէջ։
Երէկ, Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ մէջ մատուցուեցաւ շաբթուան հերթական Ս. Պատարագը՝ ձեռամբ Տ. Շահէն Քհնյ. Օհանեանի։ Հաւատացեալներու հոծ բազմութիւն մը ներկայ գտնուեցաւ արարողութեան, որու երգեցողութիւնները կատարուեցան Մուրատ Իչլինալչայի առաջնորդութեամբ։
Արթիւր Պաղտասարեան երէկ երեկոյեան ելոյթ մը ունեցաւ Երեւանի մէջ:
«Արաս» հրատարակչատունը ներկայիս լոյս ընծայած է «Պատմական քաղաքներ եւ հայերը. Պիթլիս եւ Մուշ» խորագրեալ գիրքը։ Ամերիկահայ յայտնի պատմաբան Փրոֆ. Ռիչըրտ Յովհաննիսեանի կողմէ խմբագրուած այս գործը անգլերէնէ թրքերէնի թարգմանած է Զիւլալ Քըլըչ։ Գործը հրատարակութեան պատրաստած է «Արաս»ի խմբագիր Ռոպէր Քոփթաշ, իսկ կողքի ձեւաւորման հեղինակն է Արէտ Կըճըր։
2016-2017 սիրոյ սեղաններու շրջանը սկսաւ համայնքի զօրակցութեան եւ իրերօգնութեան տրամադրութիւններու փայլուն եւ յուսադրիչ դրսեւորմամբ:
Նորոգ վախճանեալ Տէր Յովհաննէս Արքեպիսկոպոս Չոլաքեանի փառաշուք յուղարկաւորութիւնը:
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր հիւրընկալեց Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Հրանդ Մոսկոֆեանն ու իր ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ Մայր եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Անդրէաս Ա. Քհնյ. Յակոբեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան նախընթաց օր Գումգաբուի մէջ հիւրընկալեց Գերմանիայէն՝ Կաթոլիկ եւ Աւետարանական եկեղեցիներու կողմէ խումբ մը հոգեւորականներ։ Հիւր եկեղեցականներու խումբը կը գլխաւորէր Գերմանիոյ Կաթոլիկ եկեղեցիէն Հայր Նիքոլաուս Վիրվոլ Վարդապետ։