ԳԱՐԱԿԷՕԶԵԱՆԻ ՄԻՋՎԱՐԺԱՐԱՆԱՅԻՆ ՄՏԱԽԱՂԵՐԸ
Գարակէօզեան Տան նախաձեռնութեամբ շաբաթավերջին տեղի ունեցան միջվարժարանային մտախաղերը, որոնք այս տարի կազմակերպուեցան 7-րդ անգամ։ «Türk beyin takımı»ի մասնագիտական աջակցութեամբ կազմակերպուած այս ծրագրին մասնակցեցան պոլսահայ տասներկու միջնակարգներէ ներկայացուցիչներ՝ իրենց ուսուցիչներուն հսկողութեամբ։