ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՊԷՇԻԿԹԱՇԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱԿԱՆՆԵՐԸ
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Պէշիկթաշի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Կարօ Վարժապետեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական փոխանորդ Տ. Գրիգոր աւ. քհնյ. Տամատեան եւ թաղի հոգեւոր հովիւը՝ Տ. Սարգիս աւ. քհնյ. Գույումճեան։
ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ՎՐԴ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, որ մեր համայնքի երէց սերունդի ազնուական եւ համատարած յարգանքի ու համակրանքի արժանացած դէմքերէն՝
Տ. Յարութիւն վրդ. Տամատեան, որ այս շրջանին Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւելեան թեմէն ներս կը գտնուի, այցելութիւն մը տուաւ Ֆիլատելֆիոյ մերձակայ Ռանտոռի Հայ քոյրերու վարժարանը։ Ինչպէս ծանօթ է, հայր սուրբը շաբաթավերջին մասնակցած էր տեղւոյն Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Տ. Արմաշ քհնյ. Պաղտասարեանի ձեռնադրութեան տասնամեայ յոբելեանի գոհաբանական Ս. Պատարագին։
Երէկ, Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան ընդունեց Թրքահայ ուսուցչաց հիմնարկի վարչութեան ատենապետ Սարգիս Քիւլէկէչն ու գործակից ընկերները։
Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն. Տ. Սահակ Ս. արք. Մաշալեան նախընթաց օր ընդունեց Էյիւպի Ս. Եղիա եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի ատենապետ Արտա Մխճեանն ու գործակից ընկերները։ Ներկայ էր նաեւ հոգեւոր հովիւ Տ. Շնորհք վրդ. Տօնիկեան։
Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարանի շրջանաւարտները շաբաթավերջին համախմբուեցան՝ իրենց տարեկան հաւաքին առթիւ։ 206 տարիէի ի վեր դռները բաց կը պահէ այս կրթօճախը, որու շրջանաւարտից հաւաքը առիթ դարձաւ բացառիկ խանդավառութեան։
ԳՐԻԳՈՐ ԱՒ. ՔՀՆՅ. ՏԱՄԱՏԵԱՆ
Տիկին Նատիա Գօչունեան,
ՍԱԹԵՆԻԿ ՆՇԱՆ