ՏԱՐԵՄՈՒՏԻ ՀԱՒԱՔ
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ 2026-ը դիմաւորուեցաւ միաբերան «Տէր ողորմեա»ով:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն:
Գումգաբուի Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր եկեղեցւոյ մէջ 2026-ը դիմաւորուեցաւ միաբերան «Տէր ողորմեա»ով:
Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հայրը օրհնութիւններն ու բարեմաղթանքը փոխանցեց պոլսահայ հոգեւորականաց դասու անդամներուն:
Պէշիկթաշի ընտանիքը 2026 թուականը դիմաւորեց աւանդական արարողութիւններով եւ հոգեւոր ուրախութեան մթնոլորտի մէջ։ Երէկ, թաղի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցան տարեմուտի արարողութիւններ, որոնց հանդիսապետեց Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեան:
Սուրբ Փրկիչ Ազգային հիւանդանոցի մնայուն բնակիչները այս տարի եւս աւանդական մթնոլորտի մէջ եւ բարձր տրամադրութեամբ համախմբուեցան Ամանորի առթիւ։
Գատըգիւղի Արամեան-Ունճեան վարժարանին մէջ Ամանորը դիմաւորուեցաւ բացառիկ խանդավառութեամբ։ Նոր տարուայ հանդէսին առթիւ դպրոցի շէնքը զարդարուած էր ամբողջութեամբ։
Սամաթիոյ Սահակեան-Նունեան վարժարանին մէջ մանկապարտէզի փոքրիկներու Ամանորի հանդէսին խանդավառութիւնը բնորոշեց ներկայ տարեմուտի տրամադրութիւնները։
Թոփգաբուի ընտանիքը 2026 թուականը դիմաւորեց աւանդական խանդավառութեամբ։ Դպրոցին մէջ տեղի ունեցաւ հանդէս մը, որու ընթացքին տնօրէնուհի Անիթա Թումայեան շնորհաւորութեան խօսքով մը հանդէս եկաւ։
Մխիթարեան վարժարանին մէջ տարեմուտի առթիւ կազմակերպուած հանդէսը բառին բուն իմաստով տօնախմբութեան մը վերածուեցաւ՝ բոլոր մասնակիցները համակելով բարձր տրամադրութեամբ։
Տէր Յիսուսի խաչի վրայ վերջին աղօթքը՝ ուղղուած Հայր Աստուծոյ, պէտք է մեր առաջին եւ հիմնական աղերսանքը դառնայ, երբ մուտք կը գործենք Նոր տարիի սեմէն ներս: Նոր տարին՝ 2026-ը, ինչե՞ր պիտի մատուցանէ. ո՛չ ոք գիտէ՝ բացի Աստուծմէ, որ Տէրն է բոլոր ժամանակներուն:
ՄԱՐԱԼ ԷՊԷՕՂԼՈՒ ՍԱԹԱՐ
Ո՞վ չ՚ուզեր ունենալ հաճելի ապակեայ ձիւնեգունդ մը։ Անոնց գրեթէ բոլորն ալ ուրախ, հաճելի աշխարհներ կը պարզեն մեր աչքերուն առջեւ։ Եթէ իսկապէս ունեցած՝ առած ու բռնած ես ափերուդ մէջ… Այդ մէկը մե՜ծ հաճոյք է։
ԱՐՄԷՆ ՍԱՐՈՒԽԱՆԵԱՆ
Պոլսահայ վարժարաններուն մէջ, նախակրթարանէն սկսեալ՝ մինչեւ լիսէի աւարտական դասարան, հազարաւոր ժամեր հայերէն կը դասաւանդուի: Այսուհանդերձ, աշակերտներու մեծամասնութիւնը ընդհանրապէս չի կրնար ինքզինք բաւարար մակարդակով արտայայտել բերանացի կամ գրաւոր։