ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ ԲԱՑՈՒՄ
«Հարաւային կազի միջանցք»ը սկսաւ գործել հանդիսաւոր արարողութիւնով՝ «Շահտենիզ 2»ի պաշարներով:
Իլհամ Ալիեւ. «Մենք կ՚ուզենք աւելի շատ բնական կազ արտածել դէպի Եւրոպա, որ ամենաարդիւնաւէտ շուկան է մեզի համար։ Այս խողովակաշարը կը վերաձեւաւորէ Եւրոպայի ուժանիւթի քարտէսը»:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյց մը ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ։ Անգարայի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Էրտողան եւ Փութին խօսեցան Սուրիոյ իրադարձութիւններուն շուրջ։
Հայաստանի Առաջին հանրապետութեան հիմնադրութեան 100-ամեակին ձօնուած յոբելենական մեծահանդէս ու փառաշուք տօնակատարութիւնները երէկ բնորոշեցին համայն հայութեան օրակարգը։ Սարտարապատի յուշահամալիրէն ներս տեղի ունեցած զօրահանդէսին զուգահեռ՝ օրուան տեւողութեան ամբողջ երկրին մէջ տեղի ունեցան բազում ձեռնարկներ։
Մեծ ներդրում. «Հարաւային կազի միջանցք»ի պաշտօնական բացման հանդիսաւոր արարողութեան օրը:
Ազգային պաշտպանութեան նախարար Նուրետտին Ճանիքլի կարեւոր շփումներ ունեցաւ Թիֆլիզի մէջ:
Հայաստանի եւ Ֆրանսայի արտաքին նախարարները անդրադարձան Արցախի հարցին։
Եւրոմիութեան Հարաւային Կովկասի եւ ճգնաժամի հարցերով յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար այցելեց Երեւան, ուր ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Հայաստանի ղեկավարութեան կողմէ։ ԵՄ-ի յատուկ ներկայացուցիչը այս առաւօտ ընդունուեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Զօհրապ Մնացականեանի կողմէ։
Մշակոյթի եւ գեղար-ւեստի պատմութեան հեղինակաւոր մասնագէտ Փրոֆ. Սեմաւի Էյիճէ երէկ մահացաւ 96 տարեկան հասակին։ Ան Իսթանպուլի, օսմանեան ու բիւզանդական պատմութեան մասնագէտ մըն էր։Հեղինակած էր աւելի քան 400 գիտական յօդուածներ ու գիրքեր։