ՈՂՋՈՒՆԵԼԻ ՔԱՅԼ
Ս. Զատկի սեմին օրինակելի նախաձեռնութիւն մը՝ Յարութիւն Շանլըի եւ իր ընկերներուն կողմէ:
Կէտիկփաշայի թայաղին խորհուրդը երէկ Պատրիարքարան այցելեց հոգեւոր հովիւի պաշտօնավարութեան վայրի շուրջ ծագած տագնապի լուծման համար՝ պահանջելով ընդհանուր փոխանորդի հայրական ներողամտութիւնը:
Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ընդառաջեց խնդրանքին՝ ընդգծելով Աթոռին նկատմամբ յարգանքի կարեւորութիւնը:
Ֆրանսայի հարաւի Օտ շրջանի Թրէպ գիւղաքաղաքին մէջ պատահեցաւ արիւնալի դէպք. երեք զոհ:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը նախընթաց օր կատարեց իր առաջին փորձը՝ հսկողութեամբ հաւաքականի գլխաւոր մարզիչ Արթուր Պետրոսեանի:
Հայաստանի Պետական սիմֆոնիք նուագախումբը Մարտի 28-ին Համպուրկի նշանաւոր դահլիճներէն մէկուն՝ «Էլպ-ֆիլհարմոնիա»ի մէջ, հանդէս կու գայ համերգային ծարգրով, որու ընթացքին նուագախումբը եւ թաւջութակահար Նարեկ Հախնազարեան կը կատարեն ժամանակակից յօրինող Եդուարդ Հայրապետեանի Թաւջութակի հատանուագը։
ՃՀՓ-ական Իսթանպուլի երեսփոխան Սելինա Տողան Ազգային մեծ ժողովէն ներս հերթական անգամ օրակարգի վրայ բերաւ փոքրամասնութիւններու առկայ խնդիրները։ Երեսփոխանը այդ խնդիրներու ստուգման եւ լուծման հեռանկարներու որոնման համար առաջարկեց մասնաւոր յանձնաժողովի մը ստեղծուիլը։
Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, որ համակրելի մեներգիչ Պարթեւ Կարեան այս տարի կը նշէ իր երաժշտական գործունէութեան 40-ամեակը։ Յառաջիկայ ամիս ան հանդէս պիտի գայ յոբելենական համերգով մը, որ տեղի պիտի ունենայ Ֆուլիայի գեղարուեստի կեդրոնին մէջ։
Թուրքիոյ Հանրապետութեան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն միջեւ տարածքաշրջանային հարցերու քննարկում:
ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակին կողմէ հրատարակուող «UN Special» ամսագրի Մարտ ամսուան թիւին մէջ լոյս տեսաւ Շարլ Ազնաւուրի հետ ընդարձակ հարցազրոյց մը։ Ֆրանսահայ աշխարհահռչակ երգիչը այս հարցազրոյցը տուած է՝ որպէս ՄԱԿ-ի Ժընեւի գրասենեակի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ եւ Զուիցերիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան։
Սփիւռքի նախարարութեան նախաձեռնութեամբ երէկ Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ շնորհանդէս մը: