ՊԱՀՊԱՆԵԼ ԱՆԴՈՐՐՈՒԹԻՒՆԸ
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը՝ Քրաքովի քննարկումներու մասին:
Եդուարդ Նալպանտեանի խօսքով՝ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Պաքու վերահաստատէ իր յանձնառութիւնները:
ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը՝ Քրաքովի քննարկումներու մասին:
Եդուարդ Նալպանտեանի խօսքով՝ հայկական կողմը կ՚ակնկալէ, որ Պաքու վերահաստատէ իր յանձնառութիւնները:
Հայաստանի Լոռիի մարզի Սանահին գիւղին մէջ շուրջ մէկ տարիէ ի վեր կը գործէ «Հայու տուն» մշակոյթի եւ զբօսաշրջական կեդրոնը, որ մեծ հետա-քըրքրութիւն կը ստեղծէ զբօսաշրջիկներու մօտ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդմամբ, «Մեսրոպ Մաշտոց» խօսքի մշակոյթի կեդրոնի նախագահ, «Հայու տուն» մշակոյթի եւ զբօսաշրջական կեդրոնի հիմնադիր Նատիա Անտոնեանի խօսքով՝ կեդրոնին մէջ Սանահինի երեխաները կը բեմադրեն հայկական հարսանիք եւ շարք մը աւանդական ծէսեր։
SanremoJunior մրցոյթին այս տարի կը մասնակցի նաեւ Հայաստանը։
«Վերածնունդ» միջազգային 9-րդ մրցոյթ-փառատօնի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցող SanremoJunior (Պատանիներու Սան Ռեմօ) երգի միջազգային 9-րդ մրցոյթի Հայաստանեան ընտրական փուլին, որ տեղի կ՚ունենայ Փետրուարի 7-ին Կիւմրիի մէջ, իսկ եզրափակիչ փուլը կը կայանայ Ապրիլի 18-ին Սան Ռեմոյի մէջ, Իտալիա։
Անգլիոյ մայրաքաղաքը՝ Լոնտոնի մէջ կանգնեցուած է վիթխարի ճարպաքանդակ մը, որպէսզի քաղաքացիները հարկադրուին մտածել իրենց աւելորդ կշիռքի մասին։ Վիթխարի ճարպաքանդակը պատրաստուած է իսկական կենդանական ճարպով։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
«Ակօս»ի հիմնադիրը այսօր կը վերյիշուի՝ իր դէմ գործուած մահափորձի 11-րդ տարելիցին առթիւ:
Հանգուցեալ Հրանդ Տինք կ՚ոգեկոչուի բիւր յարգանքով՝ արդարութեան սպասումներու մթնոլորտին մէջ:
Միացեալ Նահանգներ կը ջանայ ապահովել, որ Թուրքիա ձեռնպահ մնայ Աֆրինի դէմ քայլի մը ձեռնարկելէ:
Զօրավար Հուլուսի Աքար եւ Հաքան Ֆիտան երէկ բարձր մակարդակի վրայ շփումներ ունեցան Մոսկուայի մէջ:
ԵԱՀԿ-ի շրջանային նախագահի յատուկ ներկայացուցչի գրասենեակի կարողութիւնները պիտի ընդլայնուին:
Մինսքեան խմբակի համանախագահները յառաջիկայ ամիս պիտի այցելեն Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գօտի:
ԺԱՄԱՆԱԿ օրաթերթի հիմնադրութեան 110-ամեայ յոբելեանը կը շարունակէ արձագանգ ստեղծել զանգուածային լրատուութեան միջոցներուն մօտ։ Ի շարունակութիւն թրքական լրասփիւռներու վերջին օրերու հաղորդումներուն՝ ԺԱՄԱՆԱԿ-ի յոբելեանը կ՚արժանանայ նաեւ միջազգային զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ուշադրութեան։
Ինչպէս հաղորդած էինք, Պէյրութի Հայկազեան համալսարանի Հայկական սփիւռքի ուսումնասիրութեան կեդրոնի տնօրէն Տքթ. Անդրանիկ Տագէսեան վերջերս այցելեց Պոլիս։ Հայաստանի Ազգային գրադարանի տնօրէն Տիգրան Զարգարեանի հետ ան Պոլիս եկած էր՝ «Հրանդ Տինք» հիմնարկի հրաւէրով
Մայրաքաղաք Անգարայի մէջ երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ քննարկուեցան Սուրիոյ հիւսիսի իրադարձութիւնները։ Օրուան տեւողութեան տեղի ունեցան թէ՛ կառավարութեան եւ թէ Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստերը։