ՍԱՐԸԵՐԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ
Մարդու իրաւանց պաշտպանը ընթրիք մը սարքեց փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ:
Շերէֆ Մալքոչի ներկայութեամբ անդրադարձ կատարուեցաւ հոգեւոր կեդրոններու պաշտօնական կարգավիճակէ զուրկ ըլլալու վաղեմի հարցին եւ մատակարար մարմիններու ընտրութիւններու առկախման հիմնախնդրին:
Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Տ. Արամ Արքեպիսկոպոս Աթէշեան ընդգծեց մեր համայնքին առաջնահերթութիւնները:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկան առաջին հերթին Սուրիոյ իրադարձութիւնները։
Սերժ Սարգսեան կրկնեց. «Մենք չենք կրնար առ յաւէտ սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն»:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ՝ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց, որ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալու առաջարկը։
ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյենութեան բաժակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 Ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է:
Հայաստանի Ֆութպոլի դաշնակցութիւնը հաղորդեց, որ Հայաստանի ֆութպոլի բարձրագոյն դասակարգի ախոյենութեան եւ բաժակի մրցաշարքին գծով կատարուած են շարք մը փոփոխութիւններ: