ԹԻՖԼԻԶԻ ՄԷՋ ՈԳԵԿՈՉՈՒՄ
Թիֆլիզի մէջ, Փետրուարի 19-ին, մեծ շուքով նշուած է Յովհաննէս Թումանեանի ծննդեան 149-ամեայ յոբելեանը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերած են նաեւ Վրաստանի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան անձնակազմը:
Այսպէս, ձեռնարկները մեկնարկած են Թիֆլիզի Հայ գրողներու եւ հասարակական գործիչներու Խոջիվանքի պանթէոնին մէջ, ուր ծաղիկներ խոնարհուած են Յովհաննէս Թումանեանի շիրմաքարին առջեւ եւ Վիրահայոց թեմի առաջնորդ Տ. Վազգէն Եպսկ. Միրզախանեան մատուցած է հոգեհանգստեան կարգ:
Մարդու իրաւանց պաշտպանը ընթրիք մը սարքեց փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչներուն ի պատիւ:
Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան երէկ հեռախօսազրոյցներ ունեցաւ Ռուսաստանի նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, երկու հեռախօսազրոյցներուն ընթացքին ալ օրակարգի վրայ եկան առաջին հերթին Սուրիոյ իրադարձութիւնները։
Սերժ Սարգսեան կրկնեց. «Մենք չենք կրնար առ յաւէտ սպասել Թուրքիոյ պատասխան քայլերուն»:
Մեւլիւտ Չավուշօղլու եւ Ռեքս Թիլըրսըն երէկ հանդէս եկան համատեղ կարեւոր յայտարարութիւնով մը:
Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ տեսակցեցաւ՝ իր գլխաւորած Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութեան կողմէ նախագահի թեկնածու առաջադրուած Արմէն Սարգսեանի հետ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, Արմէն Սարգսեան հանդիպման ընթացքին Սերժ Սարգսեանին տեղեկացուց, որ ընդունած է Հայաստանի Հանրապետութեան նախագահի թեկնածու ըլլալու առաջարկը։
ՖԻՖԱ-ի աշխարհի ախոյենութեան բաժակը պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով գտնուեցաւ Հայաստանի մէջ:
Արհեստավարժ կռփամարտիկ, գերմիջին կարգի WBO-ի վարկածով աշխարհի նախկին ախոյեան Արթուր Աբրահամ յայտարարեց, որ իր յաջորդ մենամարտը պիտի կատարէ 28 Ապրիլին, հակառակ անոր որ իր մրցակիցին անունը ցարդ անորոշ է: