ՃՀՓ ՀԱՆՐԱՔՈՒԷԻ ԱՐԴԻՒՆՔԸ ՊԻՏԻ ՎԻՃԱՐԿԷ ԵՄԻԱ-Ի ՄՕՏ
16 Ապրիլին տեղի ունեցած հանրաքուէի արդիւնքը կը շարունակէ վէճի առարկայ մնալ Թուրքիոյ քաղաքական օրակարգին վրայ։ Երէկ, գլխաւոր ընդդիմադիր ՃՀՓ տեղեկացուց, որ կը պատրաստուի հանրաքուէի արդիւնքները վիճարկել Եւրոպայի մարդու իրաւանց ատեանին (ԵՄԻԱ) մօտ։
Հնդկաստանի Փոխ-նախագահ Համիտ Անսար երէկ աւարտեց դէպի Երեւան իր պաշտօնական այցելութիւնը։ Շփումներուն վերջին օրը՝ երէկ, Համիտ Անսար այցելեց Երեւանի Պետական համալսարանը, ուր հանդէս եկաւ դասախօսութիւնով մը եւ իրեն շնորհուեցաւ պատուոյ տոքթորի կոչում։
Երեւանի մէջ առաջին անգամ տեղի կ՚ունենայ օփերայի միջազգային փառատօն մը, որ կը սկսի այսօր:
Թուրքիա տարածքաշրջանէն ներս բացարձակապէս չի հանդուրժեր ՓՔՔ-ի եւ անոր յարակից կառոյցներու ահաբեկչական լծակներուն:
Հայաստան եւ Հնդկաստան փոխյարաբերութիւններու զարգացման հետամուտ:
Թուրքիա-Եւրոմիութիւն յարաբերութիւններուն մէջ վերիվայրումները կը շարունակուին։ Երէկ, Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովը (ԵԽԽՎ) ընդունեց Թուրքիոյ տեսակէտէ ժխտական որոշում մը, ինչ որ պատճառ դարձաւ Անգարայի ղեկավարութեան բուռն հակազդեցութեան։
Չեխիոյ խորհրդարանը երէկ ընդունեց բանաձեւ մը, որով ճանչցաւ ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտները։ Այս բանաձեւին հեղինակն էր Սոցիալ-դեմոկրատ Ռոպին Պեոհնիշ, որ կը գլխաւորէ Չեխիոյ խորհրդարանէն ներս Հայաստանի հետ բարեկամութեան երեսփոխանական խումբը։
Միջազգային ճգնաժամային խումբի Եւրոպայի ծրագրերու տնօրէն Սապինա Ֆրէյզըր յայտնեց, որ Եւրոմիութիւնը կրնայ աւելի կարեւոր դեր մը խաղալ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ուղիներու որոնման գործին մէջ։
Հայաստանի Սփիւռքի նախարար Հրանոյշ Յակոբեան վերջերս Երեւանի մէջ հիւրընկալեց իտալահայ գործարար Սարօ Խիւտավերտեանը։ Հարկ է նշել, որ Սարօ Խիւտավերտեան միեւնոյն ժամանակ Միլանոյի մէջ գործունէութիւն կը ծաւալէ՝ որպէս Սփիւռքի նախարարութեան խորհրդական։
Հանրապետութեան նախագահը այս տարի եւս Ապրիլի 24-ին պատգամ մը ուղարկեց Պատրիարքարան։