ԵՊԲՀ ԿՆՔԵՑ ՆՈՐ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐԵՐ
Հայաստանէն երեք պատուիրակ Մոնթենեկրոյի Փուտուա քաղաքին մէջ մասնակցեցան Բժիշկ ուսանողներու ընկերակցութիւններու համաշխարհային դաշնակցութեան ամէնամեայ համագումարին: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Նիւ Եորք։ Ան ներկայ կը գտնուի Հայաստանի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 25-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներուն։
Երեւանի Տիկնիկային թատրոնը 2017 թուականին ներկայացումներով հանդէս կու գայ Հայաստանի մարզերուն մէջ եւ կը մասնակցի միջազգային շարք մը թատերական փառատօներու: Այս մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին արտայայտուեցաւ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան Պետական տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Բաբաեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ կը հրաժարի «Յովակիմ 1461» նորաստեղծ վաքըֆի իր պաշտօններէն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վաքըֆը Պատրիարքարանի առընթեր հաստատուած էր վերջին շրջաններուն՝ Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ հասոյթներ ապահովելու հնարաւորութիւններ ունենալու մտադրութեամբ։
Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ աւարտեց իր պաշտօնական շփումները Մոսկուայի մէջ։ Այցելութեան ծրագրի գագաթնային հանդիպումները տեղի ունեցան այս փուլին։
Հայաստանի եւ Ռուսաստանի նախագահները այսօր Քրեմլինի պալատէն ներս ժամադրուած են՝ քննարկելու համար ղարաբաղեան հիմնախնդիրը:
Արհեստավարժ կռփամարտի թեթեւագոյն կարգի աշխարհի նախկին բացարձակ ախոյեան Վիք Տարչինեանի 43-րդ յաղթանակը եղաւ տպաւորիչ: