«ԹՈԼՍԹՈՅԸ ԿԵԱՆՔԻ ՄԷՋ» ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ
Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի ցուցասրահին մէջ բացուեցաւ «Թոլսթոյը կեանքի մէջ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլի 25-ը:
Հայաստանի Յովհաննէս Թումանեանի թանգարանի ցուցասրահին մէջ բացուեցաւ «Թոլսթոյը կեանքի մէջ» խորագրով ժամանակաւոր ցուցահանդէսը, որ պիտի շարունակուի մինչեւ Ապրիլի 25-ը:
Հայաստանի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 25-ամեակին առթիւ Նիւ Եորքի մէջ փայլուն համերգ մը:
Մասնակիցներու շարքին էին նախարար Եդուարդ Նալպանտեան, ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութերէս եւ հիւրեր:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիոյ նախագահութեան տարեկան հաշուետուութիւնը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան ներկայիս հայ գիտնականներէն կ՚ակնկալէ նոր ծրագրեր եւ աւելի մեծ նուաճումներ:
Տանըլտ Թրամփ եւ Անկելա Մերքէլ Սպիտակ տան երդիքին տակ երէկ տեսակցեցան, բայց չձեռնուեցան:
«ԱՄՆ եւ Գերմանիա կը բաժնեն բազում հասարակաց կէտեր՝ անվտանգութեան, բարեկեցութեան եւ խաղաղութեան շուրջ»:
«Արմէնփրէս» գործակալութեան հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Սուրիոյ խորհրդարանի անդամ, սուրիահայութեան երեսփոխան Ժիրայր Ռէիսեան յայտնած է, որ Հալէպը քիչ-քիչ կը վերականգնի, զգալի աշխատանքներ տարուած են ենթակառոյցներու բարելաւման ուղղութեամբ, քաղաքի փակ ճամբաները բացուած են:
Հայաստանէն երեք պատուիրակ Մոնթենեկրոյի Փուտուա քաղաքին մէջ մասնակցեցան Բժիշկ ուսանողներու ընկերակցութիւններու համաշխարհային դաշնակցութեան ամէնամեայ համագումարին: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Երիտասարդական հիմնադրամի հասարակութեան հետ կապերու ծառայութիւնը։
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան այսօր կ՚այցելէ Նիւ Եորք։ Ան ներկայ կը գտնուի Հայաստանի ՄԱԿ-ի անդամակցութեան 25-ամեակին առթիւ կազմակերպուած յոբելենական ձեռնարկներուն։
Լիզպոնի «Գալուստ Կիւլպէնկեան» հիմնարկի Հայկական համայնքներու բաժինը կը շարունակէ խտացեալ աշխատանք ծաւալել արեւմտահայերէնի պահպանման վրայ։ Այս ամբողջին մէջ մշակուած ծրագրերը կը նախատեսեն արդի փորձագիտութեան բոլոր հնարաւորութիւնները օգտագործել առաւելագոյնս։
Երեւանի Տիկնիկային թատրոնը 2017 թուականին ներկայացումներով հանդէս կու գայ Հայաստանի մարզերուն մէջ եւ կը մասնակցի միջազգային շարք մը թատերական փառատօներու: Այս մասին երէկ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին արտայայտուեցաւ Երեւանի Յովհաննէս Թումանեանի անուան Պետական տիկնիկային թատրոնի գեղարուեստական ղեկավար Ռուբէն Բաբաեան։
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան այս առաւօտ մեզի յայտնեց, որ կը հրաժարի «Յովակիմ 1461» նորաստեղծ վաքըֆի իր պաշտօններէն։ Ինչպէս ծանօթ է, այս վաքըֆը Պատրիարքարանի առընթեր հաստատուած էր վերջին շրջաններուն՝ Աթոռի պաշտօնական կարգավիճակի բացակայութեան պայմաններուն ներքեւ հասոյթներ ապահովելու հնարաւորութիւններ ունենալու մտադրութեամբ։