Լրահոս

ԷՐՏՈՂԱՆ ՅԱՅՏՆԵՑ, ՈՐ ՓԱՇԻՆԵԱՆԷՆ ԴՐԱԿԱՆ ԱԶԴԱՆՇԱՆՆԵՐ ԿԸ ՀԱՍՆԻՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան, որ Նիւ Եորքի մէջ մասնակցեցաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն, աւարտելով իր բազմակողմանի շփումները վերադարձաւ Թուրքիա։ Նախագահ Էրտողան վերադարձի ճանապարհին, թռիչքի ընթացքին զրուցեց զանգուածային լրատուութեան միջոցներու ներկայացուցիչներուն հետ։

ԱՅՍ ՏԱՐՈՒԱՆ «ԱՒՐՈՐԱ» ՄՐՑԱՆԱԿԸ ՊԻՏԻ ՅԱՆՁՆՈՒԻ ՎԵՆԵՏԻԿԻ ՄԷՋ

«Աւրորա» մրցանակի յանձնման արարողութիւնն ու զուգահեռ ձեռնարկները այս տարի տեղի պիտի ունենան Վենետիկի մէջ, Իտալիա։ Համանուն մարդասիրական նախաձեռնութիւնը մշակած է բազմակողմանի ծրագիր մը, որ կեանքի պիտի կոչուի 8-10 հոկտեմբերին։

ՀԲԸՄ-Ի ՅՈԲԵԼԵՆԱԿԱՆ ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ՝ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԻՆ ԱՌԹԻՒ

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) վերջին օրերուն յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութեան 30-ամեակին առթիւ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք ՀԲԸՄ-ի Նիւ Եորքի կեդրոնին կողմէ հրապարակուած յայտարարութեան բնագիրը։

ԽՕՍԵԼՈՒ ՀԱՄԱՐ ՍԻՐՏ ՊԷՏՔ Է ՈՒՆԵՆԱԼ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Սեպտեմբերի 21-ին խօսեցաւ իշխանութիւնը եւ յայտարարեց, որ Հայաստանի մէջ սկսած է խաղաղութեան դարաշրջանը։ Իմ ականջին սա բաւական ցինիկ կը հնչէ այն պարագային, երբ մեր բազմաթիւ հայրենակիցներ թշնամիի ձեռքն են, երբ նոյնիսկ հիմա, պատերազմէն գրեթէ տարի մը անց, կը յայտնաբերուին զոհերու աճիւններ, երբ ատրպէյճանցիները կը գտնուին Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին մէջ (բոլոր տեսակի քարտէսներով), երբ Գորիս-Կապան ճանապարհին կրնան որեւէ պահ կանգնեցնել մեր եւ իրանցիներու մեքենաները եւ ամէն գործողութիւն իրականացնել անոնց դէմ։

ԱՐՄԷՆ ՍԱՐԳՍԵԱՆ. ՀԱՅԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՃԻՇԴ ԴԻՒԱՆԱԳԻՏՈՒԹԵԱՆ ՕՐԻՆԱԿ

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Իր պաշտօնը լիարժէք կերպով կատարած դիւանագէտը օրերս նոր ծառայութեան կոչուած է։
Խօսքը Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի մօտ աւագ հիւպատոս Արմէն Սարգսեանի մասին է, որ օրերս նշանակուեցաւ Քաթարի մօտ Հայաստանի արտակարգ եւ լիազօր դեսպանի արժանի պաշտօնին։

ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱԽՆԴԻՐԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ԶԱՆԱԶԱՆ ՀԱՐԹՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՎՐԱՅ ՈՒՇԱԴՐՈՒԹԵԱՆ ԱՌԱՐԿԱՅ

Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներու ծիրէն ներս անմիջական ուշադրութեան առարկայ կը դառնայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը։ Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Վրաստանի վարչապետ Իրակլի Ղարիպաշվիլիի հետ։

ԵՐԵՍՈՒՆ ՏԱՐՈՒԱՅ ՀԻՄՆԱԿԱՆ ԽՆԴԻՐՆԵՐԸ

ԱՐԱՄ ԱԲՐԱՀԱՄԵԱՆ

Ամերիկացի հետազօտող Ճերըտ Տայմընտ, որու աշխատութեան («Ճգնաժամ. ինչպէ՞ս է ճգնաժամէ դուրս գալու մեքանիզմը») արդէն առիթ ունեցած եմ անդրադառնալու, բազմաթիւ մեքանիզմներու շարքին կը նշէ հետեւեալը. անհրաժեշտ է «ցանկապատ կառուցել»։ Այդ «ցանկապատով» կը տարանջատուի այն, ինչ որ տուեալ երկրէն ներս քիչ թէ շատ կայացած է՝ այն բանէն, որ չէ կայացած եւ ետ կը տանի երկիրը։

ՆԱԽԱԳԱՀ ԷՐՏՈՂԱՆ ՄԱԿ-Ի ԱՄՊԻՈՆԷՆ ԱՆԴՐԱԴԱՐՁԱՒ ՀԱՐԱՒԱՅԻՆ ԿՈՎԿԱՍԻ ՆՈՐ ԻՐԱԴՐՈՒԹԵԱՆ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Նիւ Եորքի մէջ ելոյթով մը հանդէս եկաւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովին առջեւ, նոր՝ 76-րդ նստաշրջանի բացման փուլին։ Բազմաթիւ հարցերու շարքին ան այս առթիւ անդրադարձաւ նաեւ Հարաւային Կովկասի նոր իրադրութեան։

«ՄԵՆՔ Ո՛ՒՐ ՊԻՏԻ ՀԱՍՆԻՆՔ ՅԱՅՏՆԻ ՉԷ, ԲԱՅՑ ԳԻՏԵՆՔ, ՈՐ ՄԵՆՔ ՊԷՏՔ Է ՇԱՏ ԱՂՕԹԵՆՔ, ՈՐՊԷՍԶԻ ՏՈԿՈՒՆ ՄՆԱՆՔ ԵՒ ԿԱՐԵՆԱՆՔ ՇԱՐՈՒՆԱԿԵԼ ՄԵՐ ԵՐԹԸ։ ՄԵՆՔ ԻԲՐԵՒ ՀԱՅԵՐ ՈՒ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՄԵԾ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆՔ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ ՏԱԼՈՒ ՔՐԻՍՏՈՍԻ, ՔՐԻՍՏՈՆԷՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ»

ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ

Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Ս. Սինոդի Հռոմի նստաշրջանին առթիւ կարծիքը շօշափեցինք Պատրիարքութեան Պէյրութի օգնական վիճակաւոր Տ. Գէորգ Եպսկ. Ասատուրեանի, որ մեզի խորհրդածութիւններ ըրաւ առկայ զանազան առաջնահերթ հարցերու շուրջ։ Ստորեւ կը ներկայացնենք գերապայծառի տեսակէտները։

Էջեր