ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԱՆԿԱԽՈՒԹԵԱՆ 30-ԱՄԵԱԿԸ ԵՒ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ԿԱՆՉԸ…
Այսօր Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը դառնայ 30 տարեկան… Տարեդարձի թիւը թէեւ կլոր է, սակայն, մթնոլորտը շատ հեռու է յոբելեանէ մը։ Հիմնադրութենէն երեք տասնամեակ անց հայոց պետականութիւնը կը դիմագրաւէ մահուկենաց պայքար։