Լրահոս

ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆԻ ՄԷՋ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄՆԵՐ

ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահները վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը քննարկեցին Ուաշինկթընի վարչակազմէն պաշտօնատարներու հետ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, անոնք հիմնախնդրին կապակցութեամբ քննարկումներ ծաւալեցին Սպիտակ տան եւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու պետական քարտուղարութեան պաշտօնատարներուն հետ։

ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՄԱՐ ՆԱԽԱԴՐԵԱԼ

Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Պապայեան յայտարարեց, որ այժմ եղածի պահպանումը անհրաժեշտ նախադրեալն է, որպէսզի Արցախը մնայ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Դաւիթ Պապայեանի կանխատեսումներով, հինգ տարի վերջ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը դժուար թէ կարգաւորուած ըլլայ։

ԿՐԵՏԷԻ ՄԷՋ ԵՐԿՐԱՇԱՐԺ

Երէկ Կրետէ կղզիին մէջ պատահեցաւ երկրաշարժ մը, որու սաստկութիւնը րիխթերեան չափանիշով կազմեց 5.8։ Սա Յունաստանի մեծագոյն կղզին է ու Միջերկրականի մեծագոյններէն, ուր պատահած ցնցումը զգալի դարձաւ նաեւ Թուրքիոյ հարաւ-արեւմուտքի զանազան քաղաքներէն ներս։

ՏԱՐԻ ՄԸ ԱՆՑ

ԱՆԱ ՄԱՐԻԱ

Երբ քո տնից մէ՛կ մէ՛կ յոգնես,
Յիշի՛ր նրանց որ տուն չեկան,
Երբ չոր հացի համից զզուես,
Յիշի՛ր նրանց որ չկերան։

Թէ՛ քո խաչը արհամարհես,
Յիշի՛ր վանքի պատերը հին,
Որ այն արդէն օտար ձեռքում՝
Կարօտ մնաց հայի հոտին։

«ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԱՐՑԱԽԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐԸ Կ՚ԱՆՑՆԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ՓՈՐՁՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ԸՆԴՄԷՋԷՆ»

Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութիւնը (ՀԲԸՄ) այս առաւօտ յայտարարութիւնով մը հանդէս եկաւ՝ ամփոփելով Արցախի երկրորդ պատերազմին յաջորդած մէկ տարին։ Ստորեւ կը հրատարակենք այս յայտարարութիւնը, որ տարածուած է ՀԲԸՄ-ի Հայաստանի մասնաճիւղին կողմէ։

ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ ԱՐԱՐԱՏ ՄԻՐԶՈՅԵԱՆԻ ԵՒ ՃԷՅՀՈՒՆ ՊԱՅՐԱՄԻ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄԸ՝ ԵԱՀԿ-Ի ՄԻՆՍՔԵԱՆ ԽՄԲԱԿԻ ՀԱՄԱՆԱԽԱԳԱՀՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅՈՒԹԵԱՄԲ

Արցախի երկրորդ պատերազմի սկիզբի առաջին տարելիցի ընդառաջ, շաբաթավերջին Նիւ Եորքի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի եւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հանդիպումը։ Երկու նախարարները այնտեղ կը գտնուէին ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովի նոր նստաշրջանի բացման փուլի աշխատանքներուն մասնակցելու համար։

«ՔՈՒՐԹՈՒԼՈՒՇԻ ՓԱՌԱՏՕՆ»

Ֆէրիգիւղի փողոցներուն մէջ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ հետաքրքրական ձեռնարկ մը։ «Քուրթուլուշի փողոցներու փառատօն» կոչուած ձեռնարկը կազմակերպուած էր՝ բնութեան, գեղարուեստի եւ մարդկութեան ազատութեան համար կարգախօսով։

ԱՀԱԶԱՆԳԱՅԻՆ ՆԱՄԱԿ

Հայկական թաղամասի «Կովերու պարտէզ»ի վարձակալութիւնը կը ծառայէ Հին քաղաքի պատմական ու տեղագրական առանձնայատկութիւնները փոխելու եւ զայն հրէականացնելու նպատակին:
Պաղեստինի ինքնիշխանութեան ղեկավարութիւնը դիմեց Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ Հայաստանի կառավարութեան՝ Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան կալուածական միակողմանի եւ վիճելի գործարքներուն շուրջ զգուշացումներով:

«ԵԹԷ ԲԱՑՈՒԻ ՆԱԵՒ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԵՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄԻՋԵՒ ԵՐԿԱԹՈՒՂԻՆ, ՏԱՐԱԾՔԱՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ՇԱՏ ԱՒԵԼԻ ՄԵԾ ԾԱՒԱԼՆԵՐ Կ՚ՈՒՆԵՆԱՆ»

Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան ՄԱԿ-ի ամպիոնէն յայտարարեց, որ եթէ բացուի նաեւ Թուրքիոյ հետ երկաթուղին, ապա տարածքաշրջանային հաղորդակցութիւնները շատ աւելի մեծ ծաւալներ պիտի ունենան։

Էջեր