Լրահոս

ՍՈՒՐԲ ՍԱՀԱԿ ՊԱՐԹԵՒ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

Սեպտեմբերի 7-ին, ծերունազարդ 91 տարեկանին, վախճանեցաւ հայոց վեհափառ հայրապետը՝ Սուրբ Սահակ Պարթեւ (348-439)։
Հայ ժողովուրդի ազգային ինքնութեան արմատաւորման եւ հոգեմտաւոր հարստութեան ծաղկումին մէջ հիմնարար եղաւ ներդրումը Սահակ Պարթեւ Կաթողիկոսի, որ իր անունը անբաժանելիօրէն կապեց ոչ միայն Սուրբ Մեսրոպ Մաշտոցի կատարած հայոց տառերու գիւտին, այլեւ՝ արդարօրէն արժանացաւ Հայ Եկեղեցւոյ Սուրբերու համաստեղութեան մէջ բարի, առաքինի եւ վեհաշուք նահապետի լուսապսակին։

ՌԵՆՈՒԱՐԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ԱՆՑԵԱԼԻ ԴՐՈՒԱԳՆԵՐՈՎ

1841 թուականի 25 փետրուարին, Ֆրանսայի Լիմոժ քաղաքը բնակող աղքատ դերասան Լէոնարտի եւ դերձակուհի Մարկարիթայի ընտանիքին մէջ կը ծնի 6-րդ զաւակը՝ Փիէռ-Օկիւստ Ռենուար, որ յետագային պիտի դառնար հռչակաւոր գեղանկարիչ եւ տպաւորապաշտութեան հիմնադիրներէն մէկը:

ՊԵՇԹԵՓԷԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ

Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան երէկ Անգարայի մէջ հիւրընկալեց Հիւսիսային Իրաքի քրտական ինքնավարութեան ղեկավար Նեչիրվան Պարզանին։ Պեշթեփէի համալիրէն ներս տեղի ունեցած զրոյցը տեւեց 1 ժամ 15 վայրկեան։

1612 ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐ

Քորոնաժահրի համաճարակի դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտարարեց, որ շրջանը պայքարի եւ նախազգուշական միջոցներու մէջ միասնականութեան շրջան մըն է, ուստի պէտք է ըլլալ միասնական։

ԱԹԷՆՔ ՄԵՐԺԵՑ ՆԱԹՕ-Ն

Արեւելեան Միջերկրականի առկայ լարուածութեան մթնոլորտին մէջ Յունաստան մերժեց ՆԱԹՕ-ի ընդհանուր քարտուղար Եէնս Սթոլթենպերկի նախաձեռնութիւնը։ Ինչպէս ծանօթ է, Սթոլթենպերկ վերջին օրերուն օրակարգի վրայ բերած էր ծրագիր մը, որով կը նախատեսուէր արկածներու ռիսքը նուազեցնել եւ բախումները կանխելու նպատակով դրոյթ մը ստեղծել։

ՆԱԹՕ-ԷՆ ՆԱԽԱՁԵՌՆՈՒԹԻՒՆ

Սթոլթենպերկ շարժման անցաւ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի միջեւ առկայ տարակարծութեան յաղթահարման գետին պատրաստելու նպատակով:
Դաշինքը կը ձգտի արեւելեան Միջերկրականէ ներս կանխել լարուածութիւնները եւ նուազեցնել արկածներու ռիսքերը՝ համապատասխան դրոյթներու հաստատման միջոցաւ:

ԼԵՌՆԱ ԹՈՒՄԱՅԵԱՆ ԲԺՇԿՈՒԹԻՒՆ ՊԻՏԻ ՈՒՍԱՆԻ

Գոհունակութեամբ վերահասու կ՚ըլլանք, թէ մեր համայնքի արժէքաւոր երիտասարդուհիներէն Լեռնա Թումայեան իրաւունք շահած է մուտք գործել «Պեզմի Ալէմ» հիմնարկի համալսարանի Բժշկութեան ֆաքիւլթէն։ Լեռնա Թումայեան մանկապարտէզէն սկսեալ մինչեւ 8-րդ դասարան յաճախած է Թոփգաբուի Լեւոն-Վարդուհեան վարժարան։

ԵԼԵԿՏՐՈՆԱՅԻՆ ԿԱՌԱՎԱՐՄԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ՑՈՒՑԻՉՈՎ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԴԻՐՔԸ ԲԱՐԵԼԱՒՈՒԱԾ

Աշխարհի երկիրներու ելեկտրոնիկ կառավարման զարգացման ցուցիչին վրայ Հայաստան 19 կէտով բարելաւած է իր դիրքը։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, 195 երկիրներու ցանկին վրայ Հայաստան կը զբաղեցնէ 63-րդ հորիզոնականը։

Էջեր