ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՀԱՄԱՐ ԱՀԱԶԱՆԳ
«Freedom House» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը ներկայիս ահազանգ կը հնչեցնէ Հայաստանէ ներս ժողովրդավարութեան եւ խօսքի ազատութեան յետընթացին մասին։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, այս հեղինակաւոր կազմակերպութիւնը վերջին օրերուն իրերայաջորդ երկու անգամ Հայաստանին կոչ ուղղեց, որպէսզի դադրեցուի՝ երկրի օրէնսդրութեան մէջ նոր ընդգրկուած «Ծանր վիրաւորանք» յօդուածի գործադրութիւնը։