Լրահոս

ԿԱՐԵՒՈՐ ՅԱՆՁՆԱՌՈՒԹԻՒՆ

ԵԱՀԿ-ի 2020 թուականի Անվտանգութեան վերանայման տարեկան համաժողովը երէկ տեղի ունեցաւ՝ կազմակերպուած տեսաքոնֆերանսի ձեւաչափով:
Ապիտոնեան. «Հայաստան հաւատարիմ ռազմաքաղաքական հարթութեան վրայ իր ստանձնած պարտաւորութիւններուն՝ տարածքաշրջանային կայունութեան համար»:

ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ ՆՈՐ ՎԱՐԱԿԵԱԼՆԵՐՈՒ ԹԻՒԸ ԱՒԵԼԻ ՆՈՒԱԶ՝ ՔԱՆ ԱՌՈՂՋԱՑԱԾՆԵՐԸ

Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա երէկ երեկոյեան տեղեկացուց, որ քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ երկրէն ներս ցարդ կատարուած քննութիւններուն թիւը անցած է 3 միլիոնի շեմը։ Նախարարութիւնը երէկ երեկոյեան հրապարակեց համավարակի մթնոլորտին վերաբերեալ վերջին վիճակագրական տուեալները։

ԱՆԳԱՐԱ-ՓԱՐԻԶ ԼԱՐՈՒԱԾՈՒԹԻՒՆ

Անգարայի եւ Փարիզի իշխանութիւններուն միջեւ ներկայիս ծնունդ առած է լարուածութիւն մը։ Այսպէս, Թուրքիա եւ Ֆրանսա՝ Լիպիոյ իրադարձութիւններու վերաբերեալ հակադիր դիրքորոշումներուն բերումով կը դիմագրաւեն լուրջ մարտահրաւէր մը։

ՎԵՐԱՔՆՆՈՒԹԵԱՆ ԴԻՄՈՒՄ

Հայաստանի Հանրապետութեան Աւագ դատախազութիւնը վերաքննիչ բողոք ներկայացուց՝ Երեւանի Ընդհանուր իրաւասութեան առաջին ատեանի կողմէ երեսփոխան Գագիկ Ծառուկեանի պարագային արձակուած վճռին շուրջ։ Ինչպէս ծանօթ է, «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեանի դէմ քրէական հետապնդում սկսած է։

ՔԱՅԼԻ ԵՒ ԴՈՒՍՏՐԸ ԶԱՐԴԱՐԵՑԻՆ ՊԱՐԲԵՐԱԿԱՆԻ ԿՈՂՔԸ

Ամերիկեան Keeping Up With Kardashians շոուի աստղ Քայլի Ճենըր, որ նախապէս կը համարուէր աշխարհի ամենաերիտասարդ կին միլիառատէրը, իր երկամեայ դստեր հետ զարդարեց Vogue-ի կողքը։
Երիտասարդ մայրիկը իր դստեր՝ Սթորմիի հետ զարդարեց Vogue-ի 24-րդ համարի կողքը։

ԱՌԱՆՑ ԴԻՄԱՅԱՐԴԱՐՄԱՆ

53-ամեայ աշխարհահռչակ դերասանուհի Սալմա Հայէք Instagram-ի անձնական էջին վրայ տեղադրած է իր լուսանկարը՝ առանց դիմայարդարման եւ առանց լոյսի խաղերու, ցուցադրելով իր բնական գեղեցկութիւնը։ Ան իր 15 միլիոն հետեւորդներուն ցոյց տուած է սպիտակած մազարմատները։

ԻՆՔՆԱՄԵԿՈՒՍԱՑՄԱՆ ՄԱՍԻՆ…

Հոլիվուտի աշխարհահռչակ դերասանուհի Կուինէթ Փալթրոու զարդարեց Shape հանդէսի յուլիս-օգոստոս ամիսներու միացեալ համարի կողքը։
47-ամեայ դերասանուհին ամսագրի համար լողազգեստով եւ ամառնային տրամադրութեամբ լուսանկարներու շարք մը ներկայացուց՝ խօսելով քորոնաժահրի համավարակի օրերուն ընտանիքի հետ ինքնամեկուսանալու մասին։

ԿԸ ՆԿԱՐԱՀԱՆՈՒԻ ՏԱՅԱՆԱՅԻ ԿԵԱՆՔԸ

Քրիստին Սթիուըրտ կը նկարահանուի հանգուցեալ արքայադուստր Տայանայի դերով։ Ամերիկացի դերասանուհի Քրիստին Սթիուըրտ, որ առաւելաբար ծանօթ է «Մթնշաղ» շարժապատկերէն, «Սփենսըր» ժապաւէնին մէջ կը խաղայ՝ որպէս  արքայադուստր Տայանա:

ՔՈՐՈՆԱԺԱՀՐԻ ՅԱՂԹԱՀԱՐՈՒՄ

Երեխաները աւելի դիւրին կը յաղթահարեն քորոնաժահրը՝ քանի որ անոնք յաճախ կը հիւանդանան։
Գիտնականներու կարծիքով, երեխաները աւելի դիւրին կը յաղթահարեն քորոնաժահրը, քանի որ անոնց մարմինը «սովոր է» պայքարիլ ժահրերու դէմ:

Էջեր