ՌԱԶՄԱՃԱԿԱՏԻ ՀԱՐԱՒԻՆ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԶՕՐՔԵՐԸ ՄԵԾ ՅԱՐՁԱԿՈՒՄ ՄԸ ԿԱՍԵՑՈՒՑԱԾ
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ բախումները կը շարունակուին։ Արցախի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները այս առաւօտ հաղորդեցին, որ երէկ գիշերուայ տեւողութեան հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը եղած է յարաբերաբար կայուն-լարուած։
Փաշինեան. «Հակամարտութիւնը պէտք է կարգաւորուի բացառապէս խաղաղ ճանապարհով։ Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը ռազմավարական դեր ունի մեզի համար»:
Խոր ցաւով վերահասու եղանք, թէ իր մահկանացուն կնքած է մեր համայնքի յարգուած ու համակրելի դէմքերէն իրաւաբան Նուպար Եըլտըզ։ Վերջին օրերուն ան Շիշլիի «Օսմանօղլու» հիւանդանոցին մէջ դարմանման տակ կը գտնուէր։
Արցախի թէժ մարտերու մթնոլորտին մէջ Երեւանի ղեկավարութիւնը բազմակողմանի աշխատանք կը տանի ճգնաժամային իրավիճակը կառավարելու առաջադրութեամբ։ Երէկ, Հայաստանի Ազգային անվտանգութեան խորհուրդը գումարեց արտահերթ ժողով մը։
ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդը դռնփակ քննարկում մը իրականացուց Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին շուրջ։ «Ազատութիւն» ռատիօկայանի հաղորդումներով, Արցախի մէջ վերսկսած լայնածաւալ պատերազմի պայմաններուն ներքեւ՝ Անվտանգութեան խորհուրդը արդէն երկրորդ անգամ անդրադարձաւ հակամարտութեան։
Արցախի ճակատին վրայ լայնածաւալ պատերազմը ընթացքի մէջ է։ Ամէն վայրկեան թէժ մարտերու վերաբերեալ լուրեր կը հասնին ռազմաճակատէն։
Լեռնային Ղարաբաղի ճակատին վրայ մարդասիրական հրադադարը շաբաթավերջին թէեւ վերահաստատուեցաւ, սակայն գործնականօրէն բախումները պահ մը իսկ կանգ չառին:
Հանրապետութեան նախագահ Ռեճեփ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին յայտարարեց, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ պետութիւնները սպառազինութիւն կը մատակարարեն Հայաստանին։
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը կը պատրաստուի այցելել Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ:
Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը մինչ թափով կը շարունակուի, հայ վերլուծաբանները կը դիտարկեն, որ դիւանագիտական հնարաւորութիւնները տակաւին սպառած չեն։ Վերջին օրերուն զանազան յայտարարութիւններ կը հնչեն Արցախի շուրջ։