ԹՈՒՐՔԻՈՅ ՄԷՋ 3 ՕՐԷ Ի ՎԵՐ ԽՏԱՑԵԱԼ ԽՆԱՄՔԻ ՏԱԿ ԱՌՆՈՒԱԾ ՀԻՒԱՆԴ ՉԿԱՅ 21 ՔԱՂԱՔԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ
Առողջապահութեան նախարար Ֆահրետտին Քոճա յայտնեց, որ վերջին երեք օրերու ընթացքին Թուրքիոյ 21 քաղաքներու մէջ խտացեալ խնամքի տակ առնուած հիւանդ չէ եղած քորոնաժահրի համաճարակի մթնոլորտին մէջ։ Երէկ երեկոյեան Առողջապահութեան նախարարութիւնը ընկերային ցանցերու միջոցաւ հրապարակեց Թուրքիոյ վերաբերեալ վերջին տուեալները։